15-22 Օգոս­տոս 2021-ին, Քե­սա­պի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սուր­իոյ Պա­տա­նե­կան Միու­թեան 2021-ի տա­րե­կան բա­նա­կու­մը, որուն մաս­նակ­ցե­ցան Պա­տա­նե­կան Միու­թեան Հա­լէ­պի, Դա­մաս­կո­սի, Լա­թաք­իոյ եւ Քե­սա­պի մաս­նա­ճիւ­ղե­րէն 220 պա­տա­նի-պար­մա­նու­հի­ներ:
Բանակողները մասնակցեցան խմբային խաղերու, արշաւներու, ծովագնացութեան եւ խարուկահանդէսի։ Անոնք Քեսապի շքեղ բնութեան մէջ հետեւեցան նաեւ դաստիարակչական ծրագիրի եւ զրոյցներու միջոցով իրենց գիտելիքները հարստացուցին։
Պատանեկան Միութեան բանակումներուն ընթացքին հայ պատանին հմտութիւններ ձեռք կը բերէ այլազան աշխատանքներ կազմակերպելու, հաւաքական կեանքին մաս կազմելով այլազան հարցերու մասին կարծիք ձեւաւորելու, մարզելու իր միտքն ու մարմինը եւ ընկերային յարաբերութիւններ մշակելու։
Բա­նա­կու­մին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ըն­թեր­ցել՝ «Գան­ձա­սար»ի Սեպ­տեմ­բեր Ա. հա­մա­րով: