ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ պասքեթի հանրապետական բաժակի աւարտական մրցումին, Ճալաաի կազմը 44-59 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ճէյշը եւ տիրացաւ բաժակին:
– Սուրիոյ պասքեթի դաշնութեան ընտրութիւններուն նախագահի պաշտօնին համար ցարդ չորս անհատներ ներկայացուցած են իրենց թեկնածութիւնը. Թեկնածուներն են՝ Հէյսամ Պխիթան, Մահէր Խայաթա, Թարիֆ Քոթրաշ եւ Իպրահիմ ալ Օմար:
– Սուրիոյ ֆութպոլի երկրորդ փուլի մրցումներուն, Հալէպի մէջ Իթթիհատի եւ Ճէյշի հանդիպումը աւարտեցաւ 2-2 հաւասար արդիւնքով: Նոյն դաշտին վրայ Աֆրին 2-0 արդիւնքով զիջեցաւ Հուրճուլային: Հոմսի մէջ Ուասպէ-Քարամէ հանդիպումը վերջ գտաւ 0-0 հաւասարութեամբ: Նոյն արդիւնքով վերջ գտաւ նաեւ Ուահտէ-Ճապլէ հանդիպումը:
– Սուրիոյ հաւաքականի յարձակողական խաղացող Օմար Սոմա պիտի բացակայի հաւաքականի հանդիպումներէն՝ վիրաւոր ըլլալուն համար: Ըստ բժիշկներուն, Սոմայի բացակայութիւնը մէկ ամիս պիտի տեւէ:
– Լաթաքիոյ Հըթթին ակումբի վարչութիւնը իր ամբողջ կազմով հրաժարական ներկայացուց:
– Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականը ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Քաթարի մէջ, ուր բարեկամական հանդիպում մը պիտի ունենայ Ալճերիոյ կազմին հետ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԷԼԻՆԱ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿԱՆԱՆՑ ԱԽՈՅԵԱՆ
Ռոմանիոյ Եասի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի մցաշարքին Էլինա Դանիէլեան դարձաւ Եւրոպայի կանանց ախոյեան: Վերջին՝ 11-րդ փուլին, հայ մարզուհին սպիտակ խաղաքարերով  յաղթանակ արձանագրեց՝ պարտութեան մատնելով էսթոնուհի Մայի Նարվան,  ան վաստկեց 9 կէտ՝ ապահովելով ախոյեանութիւնը: Մրցանակային 2-րդ հորիզոնականը գրաւեց ուքրանացի կրանտմայսթըրը, իսկ 3-րդ տեղը՝ Լեհաստանի ներկայացուցիչ Օլիվիա Կիոլպասանան: Հայաստանը ներկայացնող կրանտմայսթըր Աննա Սարգիսեան ընթացիկ փուլին յաղթեց սլովենացի Լաուրա Ունուքին, ապահովելով 7,5 կէտ եւ գրաւելով 5-րդ դիրքը: Աւելցնենք, որ ճատրակի Եւրոպայի կանանց առաջնութեան գլխաւոր մրցավարն էր հայաստանցի միջազգային մրցավար Աշոտ Վարդապետեան: Առաջնութեան մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 60 հազար եւրօ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՊԵՆԶԵՄԱՆ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ ԻՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
 Իտալացի թղթակից Ֆապրիզիօ Ռոմանօն յայտնեց, որ Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտի յարձակողական խաղացող ֆրանսացի Քարիմ Պենզեման երկարաձգած է ակումբին հետ իր պայմանագրութիւնը մինչեւ 2023: Ըստ Ռոմանոյի, ակումբը նոր պայմանագրութիւն ստորագրած է նաեւ Քարվահալին եւ դարպասապահ Քորթուային հետ: Աւելցնենք, որ այս ամառ ակումբէն հեռացան պաշտպանողական խաղացող Սերժիօ Ռամոսն ու Ռաֆայէլ Վարանը:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ