Չորեքշաբթի, 25 Օգոստոս 2021-ին, սուրիական «Խապար» պատկերասփիւռային կայանը հաղորդեց, որ սուրիական այընտրանքային ներուժի «WDRVM» ընկերութիւնը երկրորդ օդանիւը տեղադրեց Հոմս-Թարթուս մայր ճամբուն վրայ։ Օդանիւը Սուրիոյ ելեկտրական համակարգին ելեկտրականութիւն պիտի մատակարակէ 2,5 մէկա տարողութեամբ։ «Խապար» հարցազրոյց ունեցաւ ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ռապիհ Իլիասի հետ, որուն ընթացքին ան յայտնեց, որ օդանիւը բանիլ պիտի սկսի 25 օր ետք, եւ ան կարողութիւն պիտի ունենայ շուրջ 5000 տունի ելեկտրականութիւն մատակարարելու, իսկ երկու օդանիւները միասին 10. 000 բնակարանի ելեկտրականութիւն պիտի կրնան տրամադրել։ Ան յայտնեց, որ ընկերութիւնը արտածման առաջարկներ ստացած է եւրոպական երկիրներու զանազան ընկերութիւններէ, ինչպէս Հայաստանէն, Պուլկարիայէն, Ռոմանիայէն, Ռուսիայէն, Հունգարիայէն, Մարոքէն, Թունուսէն, Քուէյթէն, Փաքիստանէն եւ այլ յարակից երկիրներէ։ Իլիաս հաստատեց, որ WDRVM ընկերութիւնը արաբական առաջին օդանիւ արտադրող ընկերութիւնն է, աւելցնելով, որ Սուրիան դրիլիոնաւոր տոլարներ կը տուժէ տարեկան՝ այլընտրանքային ներուժի ոլորտին մէջ ներդրումային աշխատանքներու չնախաձեռնելուն հետեւանքով։