Հայաստանի եւ դրացի երկիրներու միջեւ երթեւեկութեան ճամբաներու ապաշրջափակման հարցը ծայր առաւ Արցախի 44-օրուան պատերազմէն ետք, 9 Նոյեմբերին՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ կողմէ ստորագրուած զինադադարի միացեալ յայտարարութեան յաջորդող օրերուն:
Համաձայնագիրին կէտերէն մէկը տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ճամբաներու ապաշրջափակումն էր: Ճամբաներ,  որոնք 30 տարիէ ի վեր փակ էին արցախեան հակամարտութեան հետեւանքով։
Յայտարարութեան եւ անոր հետեւանքով հետագային յառաջանալիք հարցերուն մասին երկրի իշխանութիւնները թափանցիկ քննարկումներ չկատարեցին երկրի քաղաքական ուժերուն եւ ժողովուրդին հետ:
Ըստ եռակողմ յայտարարութեան, Իրանի հետ Հայաստանի հարաւային սահմանին երկայնքով տարանցիկ ցամաքային միջանցքը Ատրպէյճանը պէտք է միացնէ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան։
Այս տարանցիկ միջանցքը, որ մերթ ընդ մերթ կը սահմանուի որպէս ճամբայ եւ ոչ միջանցք, Հայաստանի մէջ հարցերու եւ լարուածութիւններու դուռ բացաւ, որովհետեւ անոր հետեւանքով յառաջանալիք սպառնալիքներուն առաջին կայծերը երեւելի դարձան, երբ ատրպէյճանական ուժեր քայլ առ քայլ յառաջանալով Մեղրիի ուղղութեամբ՝ հայկական տարածքներու վրայ հաստատուեցան։
Հայ փորձագէտներու կարծիքով՝ իշխանութիւններուն այն  խոստումները, ըստ որոնց ճանապարհային հաղորդակցութեան ապաշրջափակումը տնտեսական բարեփոխումներու խթան կրնայ հանդիսանալ, միակողմանի գնահատումի արդիւնք են, որովհետեւ ճամբաներու ապաշրջափակումը, ակնկալուող աշխարհաքաղաքական վտանգներէն անդին, քիչ բան կրնայ խոստանալ Հայաստանին։
11 Յունուարին, Փութինի նախաձեռնութեամբ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ առաջնորդներու եռակողմ հանդիպումը։ Այդ հանդիպումին որոշուեցաւ ստեղծել աշխատանքային խումբ մը, որ պիտի զբաղի «տարածաշրջանի բոլոր տնտեսական եւ հաղորդակցային կապերու ապաշրջափակումով»։
Այդ համաձայնութեան լոյսին տակ հարաւային Կովկասի տարածքին երկաթուղային եւ ցամաքային ճամբաները պիտի ծառայեն հետեւեալ նպատակներուն.-
Ա) Պիտի օգնեն կապել Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւնը Ատրպէյճանին, որուն  համար ճամբայ կը բացուի Հայաստանի տարածքով:
Բ) Հայաստանէն Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Ռուսիա տանող ցամաքային եւ երկաթուղային ճամբաներ կը բացուին (ներկայ դրութեամբ Հայաստանէն դէպի Ռուսիա տանող միակ եւ Հայաստանի համար խիստ կարեւոր ցամաքային ճամբան կ’անցնիՎրաստանէն):
Գ) Ռուսիան ու Թուրքիան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքով առաջին անգամ ցամաքային հաղորդակցութեան կարելիութիւն կը ստանան։
Ընդդիմադիր ուժեր, փորձագէտներ շեշտեցին, որ նշուած ձեւերով հաղորդակցութեան վերագործարկումը վերջնականապէս կ’ամբողջացնէ Հայաստանի շուրջ ճանապարհային արդէն իսկ գոյացած օղակը, որուն հետեւանքով վերջին 30 տարուան շրջափակումը, ոչ միայն չեղեալ չի համարուիր, այլեւ նոր ուրուագիծ կը ստանայ՝ Հայաստանը պահելով կախեալ վիճակի մէջ, յատկապէս թշնամի երկիրներու բռնաճնշումներուն հետեւանքով։
Հայկական կողմը ճամբաներու ապաշրջափակման առնչուող բանակցութիւններուն փաստօրէն ենթակայ պիտի ըլլայ թուրք-ատրպէյճանական գործօնին՝ աստիճանաբար կորսնցնելով իր տնտեսական եւ քաղաքական անկախութիւնը։
Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր էին ներքին միասնութեան մթնոլորտ մը ստեղծել՝ նման բանակցութիւններու մէջ պահպանելու  երկրին ազգային շահերը, ոչ թէ երկիրը պարզապէս ծառայեցնելու որպէս տարածք, որ բաց է Անգարայի եւ Պաքուի հաղորդակցային ներգրաւուածութեան դիմաց։
Բնականաբար Ռուսիան եւ Հայաստանը եւս պիտի ունենան շահեր այս ճամբաներու բացումով, սակայն Հայաստան դէմ յանդիման պիտի գայ  նաեւ շարք մը սպառնալիքներու, ինչպէս Արցախի հարցի կարգաւորման ուղղութեամբ բանեցուող ճնշումներուն, Հայաստանի քաղաքական դիրքորոշումներուն վրայ ատրպէյճանա-թրքական գործօնի ազդեցութեան, դրացի երկիրներուն հետ Հայաստանի սահմանային հարցերուն եւ այլն, որոնց առաջքը առնելու համար կ’ակնկալուէր քաղաքական ներքին դաշտի կայունութեան պահպանումն ու քաղաքական ուժերու հետ թափանցիկ խորհրդակցութեան ձեռնարկումը իշխանութեան կողմէ:
Հայաստանի ներքին քաղաքական ուժերուն հետ իշխանութիւններու թափանցիկ զրոյցի բացակայութիւնը պատճառ կը հանդիսանայ ներքին լարուածութեան,  որ իր անդրադարձը կրնայ ունենալ Հայաստանի ապահովութեան եւ արտաքին արդիւնաւէտ քաղաքականութեան վրայ:
Որքան արագ երեւելի դառնան երկրի քաղաքական ուժերու համերաշխութիւնը եւ ընդդիմութեան հետ բնական հաղորդակցութեան վերականգնումի իշխանութիւններու դրական մօտեցումը, այնքան արագ կարելի պիտի ըլլայ հաւաքական ուժերով ու միասնակամութեամբ կանխել Հայաստանին սպառնացող արտաքին վտանգները: