Այս գիր­քը պա­տե­րազ­մի օրա­գիր մըն է, բայց սո­վո­րա­կան գիրք մը չէ, ուր վե­նեզ­ուե­լա­ցի գրող Ռա­ֆա­յէլ Տը Նո­կա­լիս Մեն­տէզ կը պատ­մէ իր փոր­ձը չորս տար­ուան ըն­թաց­քին, Օս­մանեան Կայս­րութեան բա­նա­կին մէջ իբրեւ զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան տա­րիներուն, երբ ան կր­ցած է մօ­տէն ակա­նատես ըլ­լալ Հա­յոց Ցեղաս­պա­նութեան ժա­մա­նակ տե­ղի ու­նե­ցած կո­տո­րած­նե­րուն, եւ շատ ման­րա­մաս­նօ­րէն կը պատ­մէ այն ինչ որ կը հան­դի­սա­նայ նման ցե­ղաս­պա­նու­թեան մը փաս­տագր­ուած աղ­բիւր­նե­րէն մէ­կը: Ար­դարեւ, Ռա­ֆա­յէլ տը Նո­կա­լիս Մեն­տէզ մեծ մա­սամբ առար­կա­յա­կան կերպով կը ներկա­յաց­նէ այդ փաս­տե­րը, ինչ­պէս նաեւ կը փո­խան­ցէ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ՝ օս­մանեան բարդ քա­ղա­քա­կա­նութեան մա­սին եւ թէ  ինչ­պէս այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը ազ­դած էր օս­ման­ցի ռազ­մա­կան ղեկա­վարներուն վրայ:
Ռա­ֆա­յէլ տը Նո­կա­լիս Մեն­տէզ նաեւ շատ ման­րա­մաս­նօ­րէն կը նկա­րագ­րէ տար­բեր մշա­կոյթ­նե­րը, սո­վո­րոյթ­նե­րը, ցեղա­յին  պատ­կա­նե­լու­թիւնները եւ պատ­մա­կան յու­շար­ձան­նե­րը, որոնց ան ակա­նա­տես եղած եւ հան­դի­պած էր կայս­րութեան ամ­բողջ տի­րոյթներու տա­րած­քին ճամ­բորդելով՝ իր առաջ դր­ուած տար­բեր առա­ջադ­րանք­նե­րը կա­տա­րե­լու հա­մար:
Այս գիր­քը իմ ամէ­նէն շատ սի­րած գիրքերէն  մէկն է, եւ այն­քան լաւ  գր­ուած է, որ շատ հեշտ է ինք­զինքդ հե­ղի­նա­կին կող­քին երե­ւա­կա­յել՝ մաս կազ­մե­լով անոր ար­կա­ծախնդ­րու­թիւնն­նե­րու որոշ բա­ժինններուն: Որ­պէս վե­նեզ­ուե­լա­ցի, որ կը հասկ­նայ  իր երկ­րին պատ­մու­թիւնը, ես կր­նամ հաս­տա­տել, որ Ռա­ֆա­յէլ տը Նո­կա­լիս Մեն­տէզ՝  վե­նեզ­ուե­լա­յի ամէ­նէն զօ­րա­ւոր զի­նուոր­նե­րէն է, (եթէ ոչ մի­ա­կը), ամէ­նէն լաւ ռազ­մա­կան գրա­ռու­մով: Այս գիր­քը միայն կը պատ­մէ այդ ար­կածներուն եւ վտանգներուն քա­ռամեայ շր­ջա­նը։
Հաս­տա­տա­պէս այս հա­տո­րը այն գիրքն է, որ կ’ար­ժէ կար­դալ։
Ուիլֆրետօ Ռոտ­րի­կէզ Տոթ­թի
18 Հոկ­տեմբեր 2018