«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Մոսկուա` 31 Օգոստոսին հանդիպելու Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելէն վերջ, Արարատ Միրզոյեան իր առաջին արտերկրեայ այցելութեան շրջանակի մէջ Լաւրովի հետ պիտի քննարկէ հարցեր, որոնք կ’առնչուին տարբեր ոլորտներու հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման, իրենց ներգրաւուած միութիւններուն` ԱՊՀ-ի, ՀԱՊԿ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի հետ գործակցութեան ընդլայնման, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի, ՀԱՊԿ-ի եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու դիրքորոշումներու ձեւաւորման: «Պիտի քննարկուի Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէն 9 Նոյեմբեր 2020-ին եւ 11 Յունուար 2021-ին կնքուած համաձայնութիւններուն իրականացման ընթացքը, մարդասիրական հարցերն ու Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական ու երլեւեկային կապերու ապաշրջափակումը: Կ’ակնկալենք, որ Մոսկուայի մէջ կայանալիք բանակցութիւնները կը նպաստեն Երեւանի հետ դաշնակցային փոխգործակցութեան, տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման»,ըսուած է Ռուսիոյ ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ: