Sputnik Արմէնիան գրած է, որ կայքի թղթակիցը կը գտնուի սահմանամերձ Որոտան գիւղին մէջ, որուն բնակիչները այս օրերուն յայտնուած են կիսաշրջափակման մէջ: Ատրպէյճանցի զինուորական ծառայողները փորած են Հայաստանի հարաւը գտնուող Գորիս-Կապան ինքնաշարժային ճամբուն վրայ որոշ տեղեր: Այս մասին Սիւնիքի Sputnik Արմէնիայի թղթակիցին յայտնեցին Հայաստանի սահմանամերձ Որոտան գիւղի բնակիչները: Անոնց խօսքով, վերջին երկու շաբթուան ընթացքին ատրպէյճանցի զինուորները խրամատներ փորած են իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող Գորիս-Որոտան բաժինի երկու կողմերը, ուր փոսեր յայտնուած են եւ վրաններու ու կառոյցներու թիւը աւելցած է: Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, ատրպէյճանցիները զինուժ կուտակած են գիւղէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Sputnik Արմէնիայի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին Որոտանի բնակիչները դժգոհելով յայտնեցին, որ զէնք չունին ինքնապաշտպանուելու համար. գիւղացիները կը վախնան հակառակորդին յարձակումներէն: Ատրպէյճանցիները փակած են ճամբան, որպէսզի գիւղացիները հեռանան այդտեղէն, որմէ ետք անոնք գրաւեն գիւղը: Գիւղացիներուն զգալի մէկ մասը կ’աշխատի քաղաքներու մէջ, որուն հետ կապող ճամբաները այժմ փակ են: Իսկ դպրոցի ուսուցիչներուն մեծ մասը կու գայ Գորիսէն, եւ եթէ ճամբու հետ կապուած իրավիճակը չլուծուի մինչեւ ուսումնական տարուան սկիզբը, գիւղի դպրոցը կը մնայ առանց ուսուցիչներու: 25 Օգոստոսէն ատրպէյճանցի զինուորականները փակած են Կապան-Գորիս մայրուղիի Կարմրաքար-Շուռնուխ բաժինի երթեւեկութիւնը: 26 Օգոստոսին հակառակորդին զինուորականները փակած են Գորիս-Որոտան շրջանը: Այնտեղ կան հայ եւ ռուս սահմանապահներ, կ’ընթանան բանակցութիւններ: