Երկուշաբթի, 30 Օգոստոս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտուլլահեանը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական յարաբերութեան եւ գործակցութեան հորիզոնները ընդլայնելու միջոցներուն շուրջ, յատկապէս տնտեսական եւ առեւտրական ոլորտներուն մէջ, ինչ որ մասանբ կը մեղմացնէ Սուրիոյ եւ Իրանի ժողովուրդներուն տառապանքը՝անոնց դէմ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցներուն լոյսին տակ։ Անոնք խորհրդակցեցան նաեւ Աֆղանիստանի իրավիճակին վերջին զարգացումներուն եւ տարածաշրջանին վրայ անոր ունեցած ազդեցութեան շուրջ։ Ապտուլլահեան նախագահ Ասատին ներկայացուց Պաղտատի մէջ գումարուած «Գործակցութիւն եւ Ընկերակցութիւն» վերնագիրը կրող խորհրդաժողովին արդիւնքները։ Կողմերը շեշտեցին, որ տարածաշրջանին ապագան կարելի է որոշել միայն անոր ժողովուրդին ազատ կամքով։ Նախագահ Ասատ հաստատեց, որ Սուրիոյ եւ Իրանի գործակցութիւնը արդիւնաւէտ էր, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ։ Այս առիթով Ասատ շեշտեց, որ Սուրիա պիտի շարունակէ պատերազմիլ, մինչեւ ահաբեկչութեան ամբողջական վերացումն ու բռնագրաւուած հողերուն ազատագրումը։