Արցախի Հանրային պատկերասփիւռի «Օրակարգ» հաղորդումի հիւրերն են ԱՀ արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեան: Անոնք 2 Սեպտեմբերին ընդառաջ խօսած են օրուան խորհուրդին, Հանրապետութեան հռչակումէն 30 տարի անց կատարուածին եւ ընելիքներուն մասին: