Ատրպէյճանական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները 29 Օգոստոսի լուսցող գիշերը, ժամը 12:20-էն սկսեալ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի մարզի, յատկապէս` Սոթքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հայ դիրքապահներու պատասխան գործողութիւններէն ետք ծաւալած է բուռն փոխհրաձգութիւն, որ տեւած է շուրջ երկու ժամ: Ժամը 2:25-ին ատրպէյճանական դիրքերուն մօտեցած է շտապ օգնութեան մեքենայ, որմէ յետոյ հայկական կողմը դադրեցուցած է կրակը` առիթ տալով տարհանել թշնամիին վիրաւորները: Հայկական կողմէն տուժածներ չկան: