9 Մայիս 2022-ին, բերդաքաղաքի ազատագրումին 30-ամեակին առթիւ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նստավայրը մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն կը տեղափոխուի Շուշի: Այս մասին 19 Սեպտեմբեր 2020-ին յայտնած էր ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան եւ հրապարակած էր նախապատրաստուող աշխատանքներուն լուսանկարները: Այսօր արդէն այս շէնքը քանդուած է. Շուշիի մէջ կառուցուելիք խորհրդարանի փոխարէն ատրպէյճանցիները 5 աստղանի հիւրանոց կառուցած են: Այս մասին բռնագրաւուած Շուշիի մէջ յայտարարած է Ալիեւ: «Ես ընտրեցի նոր հինգաստղանի հիւրանոցի կառուցման վայրը այնտեղ, ուր ատելի թշնամին կառուցած էր այսպէս կոչուած ԼՂՀ խոհրդարանի շէնքը: Սա կատարուած է մեզ ծաղրելու համար: «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն» հասկացութիւնը գոյութիւն չունի: Այս շէնքի հիմքերը արդէն դրուած էին, եւ նոյնիսկ քարի աշխատանքները աւարտած էին: Իմ յանձնարարութեամբ, այս սատանայի որջը Շուշայի մէջ ոչնչացուեցաւ», ըսած է Իլհամ Ալիեւ: Իսկ մէկ տարի առաջ ԱՀ նախագահը ըսած էր. «Կը կարծեմ` որոշումը ունի ինչպէս քաղաքական ու կիրառական, այնպէս ալ մեր պատմական ու յաղթական քաղաքը իւրովի վերարժեւորելու խորհրդանշական նշանակութիւն»: