«Որովհետեւ Աստուծոյ խօսքը կենդանի է եւ ազդու , աւելի հատու՝ քան որեւէ երկսայրի սուր , եւ կը թափանցէ մարդուս շունչին ու հոգիին մէջ մինչեւ ողն ու ծուծը, եւ կը քննէ մտածումներն ու սրտին խորհուրդները»։
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, նախագահութեամբ ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ ճեզիրէի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարչութեանց Ճեզիրէի շրջաններու կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտները առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցան Ս. Գրոց ճամբարի, 24-29, Օգոստոս 2021- ին Տերիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կառոյցէն ներս։ Ճամբարին մասնակցեցան Գամիշլիէն, Տերիքէն եւ Հասիչէէն 80 աշակերտներ, ինչպէս նաեւ Գամիշլիի եկեղեցասիրաց տիկնանց կազմը իր անխոնջ մասնակցութիւնը բերաւ, հինգ օրերու ընթացքին ճաշերը մատակարարելու ճամբարին մասնակցողներուն։ Ուստի ճամբարին ծրագիրը ընդգրկեց դաստիարակչական խաղեր, աղօթքի եւ շարականներու ուսուցում, Աստուածաշունչի սերտողութիւն, շրջապտոյտներ, աւազանագնացութիւն եւ եկեղեցիներու այցելութիւններ։ Դաստիարակչական ծրագիրը իրագործեցին հոգեշնորհ հայր սուրբը, Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանը եւ Հալէպէն ժամանած սարկաւագ Կարօ Պալեանն ու կիրակնօրեայի ուսուցչաց կազմը։ Շաբաթ, 28 Օգոստոս-ի երեկոյեան Տերիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ճամբարի փակման առաջին հանդիսութիւնը, ուր աշակերտները ուրախ մթնոլորտի մէջ հրաժեշտ տուին հինգօրեայ բանակումին։ Իսկ Կիրակի 29, Օգոստոս-ի երեկոյեան Գամիշլիի ազգային միջնակարգ եւ եկրորդական վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ճամբարի երկրորդ խարուկահանդէսը, ուր հաւագուած էին աշակերտներու ծնողները հանդիսատես ըլլալու ներկայացուած կոկիկ յայտագրին, որուն բացման խօսքով հանդէս եկաւ կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչուհի Կարինէ Ղազարեան- Փափազեան: Ան նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա շեշտեց քրիստոնէական հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը յատկապէս ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ ուր մեր զաւակները շրջապատուած են չարիքներով եւ այլասերման վտանգով։ Այնուհետեւ աշակերտները ներկայացուցին ճամբարի ընթացքին իրենց սորված աղօթքներն ու շարականները Քրիստ Միքայէլեանի երգեհոնի ընկերակցութեամբ, ինչպէս նաեւ կարդացին սաղմոսներ ոգեւորելով ներկաները։ Տեսերիզով ներկայացուեցաւ ճամբարի ամփոփ գործունէութիւնները եւ որուն ընթացքին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը առցանց իր հայրական օրհնութիւնն ու յաջողութեան բարեմաղթանքները փոխանցեց ճամբարին մասնակցող աշակերտներուն եւ իր գնահատանքը յայտնեց ճամբարը կազմակերպող հոգեշնորհ հայր սուրբին եւ աշխատող կազմինն եւ կամաւորներուն։ Իր սրտի խօսքը փոխանցեց հալէպէն ժամանած սարկաւագ Կարօ Պալեանը որ իր ուրախութիւնը յայտնեց այս ճամբարին մասնակցելու եւ աշակերտներուն հետ խանդավառ մթնոլորտի մէջ աղօթքներ եւ շարականներ սորվեցնելու։ Աւարտին հոգեշնորհ Հայրսուրբը իր խօսքը ուղղելով ծնողներուն ըսաւ քաջալերեցէք ձեր զաւակները եկեղեցի յաճախել, աղօթք սորվիլ եւ աստուածաշունչ կարդան, որովհետեւ հոգեւոր մթնոլորտի մէջ մեր ազգի զաւակները կը ծանօթանան մեր հոգեւոր սրբութիւններուն աւանդութիւններուն եւ արժէքներուն։ Հայր Սուրբը շարունակելով ըսաւ, Հարկէ հաւատքի հզօր զէնքով զինել մեր զաւակները իրենց փոքր տարիքէն որպէսզի հեռու մնան սատանայի փորձութիւններէ եւ սայթաքոմներէ։ Հոգեշնորհ հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց գամիշլիի եկեղեցասիրաց տիկնանց կազմի անսակարկ աշխատանքին եւ բոլոր կամաւոր աշխատողներուն եւ նիւթական ու բարոյական սատարողներուն այնուհետեւ հայր սուրբը խարոյկը վառեց որուն շուրջ համախմբուած երգեցին ճամբարի մասնակիցներն ու աշակերտներու ծնողները։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն