1 Սեպտեմբեր 2021-ին, ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Ազգային ժողովի մէջ ընդունած է Կիպրոսի Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար, Եւրոպական խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, Եւրոպական խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախկին ղեկավար, դոկտոր Էլենի Թէոխարուսին` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Հայ Դատի Կիպրոսի Յանձնախումբի նախագահ Յակոբ Գազանճեանի: «Տիկին Թէոխարուսի նուիրումը Արցախին եւ հայ ժողովուրդին, անոր աւանդը Արցախի շահերու միջազգային պաշտպանութեան մէջ ուղղակիօրէն աննկարագրելի են: Միայն յայտնեմ, որ արցախեան առաջին պատերազմին ընթացքին Թէոխարուս 19 անգամ այցելած է Արցախ, իրականացուցած է մեծաթիւ վիրահատութիւններ: Միտքեր փոխանակած ենք Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին, առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման, մեր ժողովուրդի կենսական իրաւունքներու պաշտպանութեան շուրջ: Հաճելի էր տեսնել մեր ժողովուրդի մեծ բարեկամին յանձնառութիւնը` շարունակելու միատեղ պայքարը` յանուն ազատ, անկախ եւ անվտանգ Արցախի», գրած է Իշխան Սաղաթէլեան: