Երեքշաբթի, 31 Օգոստոս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեցին Տարաաի մէջ սուրիական բանակի կեդրոններուն եւ ապահով թաղամասերուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով 4 զինուոր նահատակուեցաւ եւ 15 ուրիշներ վիրաւորուեցան: Սուրիական բանակը անմիջապէս դէմ դրաւ յարձակումին եւ հրթիռակոծեց ահաբեկիչներուն հրթիռարձակման կեդրոնը։ Աղբիւրը աւելցուց, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները բազմաթիւ հրթիռներ արձակեցին նաեւ «Քաշէֆ» թաղամասին վրայ, որուն հետեւանքով նիւթական բազմաթիւ վնասներ արձանագրուեցան։