Կատակի պէս բան մը. Հայաստանի մէջ շշուկներ շրջան կ’ընեն (եղեր), որ Արարատ Միրզոյեանը պիտի ըլլայ ամէնէն կարճատեւ արտաքին գործոց նախարարը:

Ինչո՞ւ: Որովհետեւ ան Երկուշաբթի, 30 Օգոստոսին, յականէ-անուանէ եւ հրապարակաւ հերքեց վարչապետին այն հաւաստիքը, թէ «Թուրքիայէն դրական նշաններ կան» եւ թէ՝ «Հայաստան պատրաստ է դրական քայլերով փոխադարձելու»: Ա. Միրզոյեան, առանց բառերը ծամծմելու, յայտարարեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ Հայաստանի դէմ թշնամական գիծը, գերիներն ու պատանդները չի վերադարձներ, բանտարկութեան կը դատապարտէ գերի ինկած հայեր: Ան այս բոլորը յանձնեց միջազգային հանրային կարծիքին ու Հայաստանի աղերսակից երկիրներու ուշադրութեան: Ողջունելի կեցուածք մը անկասկած (որ, յամենայնդէպս աննախընթաց չէ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պատուհանէն):

Յիշեալ (կատակասէրներու) շշուկներուն համաձայն, Փաշինեան զայրացած է Միրզոյեանի այս խօսքերէն, հեռաձայներ է եւ սպնառնացեր է զայն անցընելու Մնացականեանի եւ Այվազեանի ցանկին՝ իր բարի տրամադրութիւններուն հակասող կեցուածք ցուցաբերելուն համար: Միրզոյեանն ալ չքմեղանքի դիմեր է ըսելով. «Ի՞նչ կրնայի ընել. Երկուշաբթին անհետ կորսուածներու յիշատակման միջազգային օր էր՝ ՄԱԿ-ի հռչակած օրը: Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութեան ղեկավարը նման դատապարտանքով հրապարակ եկաւ, խորհրդարանին մէջ աթոռս գրաւողն ալ գերիներու եւ անհետ կորսուածներու ընտանիքներու ներկայացուցիչներուն հետ ժողով գումարեց: Ի վերջոյ, ես ալ պէտք է բան մը ընէի…»: Ոմանք կը փսփսան, թէ Միրզոյեան նաեւ բացատրած է, թէ ինք Թուրքիոյ դէմ չէ խօսած, այլ՝ Ատրպէյճանի…

***

Իրենց քաղաքական մտածողութիւնն ու իրականութիւնը ճիշդ ձեւով տեսնելու ունակութիւնը չկորսնցուցածներ (նաեւ անկէ կամովին չհրաժարողներ) անգամ մը եւս յիշեցուցեր են, որ Ատրպէյճանը վաղո՜ւց մէկ մասնիկն է Թուրքիոյ, իսկ 44-օրեայ պատերազմը եկաւ այս իրականութիւնը ծածկող՝ թզենիի վերջին տերեւն ալ այրելու: Հակառակ այս ճշմարտութեան, Հայաստանի մէջ եւ անդին՝ կան մտածողներ, թէ Թուրքիան «դրական նշաններ» կ’ուղղէ Հայաստանին, որպէսզի յարաբերութիւնները բարելաւուին եւ դիւանագիտական, առեւտրական ու տնտեսական կապեր հաստատուին-զարգանան:

Թուրքիոյ (եւ անոր Ատրպէյճան կոչուած պոչիկին) նորագոյն «դրական նշաններ»էն են հետեւեալները.

  • Սիւնիքի ճամբաներուն փակումն ու բացումը. ճամբաներուն վերաբացումէն առաջ, Փաշինեան հաւաստեց, որ վերաբացումը բարի տրամադրութեան արտայայտութիւն պիտի ըլլայ: Անոնք վաղն ալ կրնան փակել-բանալ որեւէ ճամբայ(*):
  • Ազերիները Սոթքի եւ մօտակայ այլ շրջաններու մէջ դիտումնաւոր կերպով հրդեհներ յառաջացուցած են: Սահմանային գիւղեր եւ քաղաքներ իբրեւ ընկալեալ սովորութիւն սկսած են ընդունիլ հրացանաձգութիւնը, արձակազինութիւնը, գողութիւնները…
  • Քանի մը տեղէ Հայաստան ներթափանցումն ու ամրանալը դրական ուրիշ նշան են:
  • Արցախի մէջ հայկական կոթողներու եւ հետքերու քանդում-ջնջո՞ւմը… (Մարդիկը կ’ուզեն «դժբախտ ու տժգոյն Շուշի»ն երջանկացնել):
  • Դրական նշանները սկսած էին ցոյց տրուիլ աւելի քան տարի մը առաջ (նախընթացները պահ մը «հիներու շրջան»ին վերագրենք), Տաւուշի վրայ յարձակումով: Յետոյ, մեծագոյն դրական նշանները տրուեցան 44-օրեայ պատերազմին, երբ հայապատկան ընդարձակ հողեր գրաւուեցան, մահ ու աւեր սփռուեցաւ, աւազակ-ահաբեկիչներ պատերազմի բերուեցան, արգիլեալ զէնքեր գործածուեցան առատօրէն (ցոյց տալու համար, թէ որքա՜ն դրական են թրքական տրամադրութիւնները): Այլ խօսքով, վերջին քանի մը օրերու դրական նշանները պէտք չէ երախտամոռ ընեն հայկական կողմը եւ մոռացութեան մատնեն մօտիկ անցեալի «բարիքները»:
  • Եթէ կարկինը քիչ մը աւելի լայն բանանք, կրնանք Թուրքիոյ «դրական նշաններ»ը տեսնել (եթէ ուզենք վերջ դնել ջայլամի վարքագիծին) նա՛եւ մինչեւ Կիպրոս, Սուրիա, Լիբանան, Եգիպտոս, Ծոցի երկիրներ եւ… Աֆղանիստան տարածուող գօտիին մէջ:

***

Էրտողան դարձեալ բարի տրամադրութիւն ցուցաբերած է Օգոստոսի վերջին շաբաթավերջին. յայտարարեր է, որ պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու, սակայն «քաղաքավար» կերպով պայմաններ դրած է (Փաշինեան աւելի՛ դրական տրամադրուած էր, ի՜նչ խօսք, եւ նախապայմաններ չէր դրած): Ան, դիւանագիտական բառամթերք գործածելով (եթէ նման բառամթերք հասկցող կայ Հայաստանի իշխանութեան եւ անոր «տեսութիւններ»ով հմայուողներուն մէջ), վերահաստատած է հետեւեալ նախապայմանները. Ա.- Երկիրներու հողային տարածքներու ամբողջականութեան ճանաչում (սա՝ թուրքեւազերի «բառբար»ով կը նշանակէ Արցախը ընդունիլ իբրեւ Ատրպէյճանի մէկ մասը, ընդունիլ, որ «Արցախի հարցը լուծուած է» 44-օրեայ պատերազմին ճամբով, եւ այլն), Բ.- Նոր դարաշրջանը դիտել՝ թշնամական նկատառումներէն հրաժարելով (սա կը նշանակէ մոռացութեան մատնել Ցեղասպանութիւնն ու անկէ բխող մեր արդար պահանջները), Գ.- Շրջանին մէջ ճամբաները վերաբանալ եւ լծուիլ տնտեսական զարգացումի (այս ալ կը նշանակէ իյնալ թրքական-ազերիական իրողապէս աւելի մեծ կարողականութեամբ օժտուած տնտեսական ոլորապտոյտին մէջ՝ իր բոլոր հետեւանքներով):

Նման տրամաբանութիւն ի զօրու էր Հայաստանի վերանկախացումէն առաջ, նոյնը՝ անցեալ երեք տասնամեակներուն, մասնաւորաբար տխրահռչակ փրոթոգոլներու օրերուն (որոնք, յետ երկար ու բուռն պայքարի՝ մերժուեցան հայ ժողովուրդին կողմէ…): Ընթերցողիս կը մնայ հետեւցնել, թէ ինչպիսի՜ բարեշրջում տեղի ունեցած է Հայաստանի իշխանութեան վարիչներուն տեսողութեան եւ տրամաբանութեան մէջ, որ անվիճելօրէն մերժելին ու դատապարտելին հիմա մեզի կը հրամցուին իբրեւ «դրական նշաններ»:

***

…Առիթով մը, ամիսներ առաջ, արձանագրած էինք, որ Հայաստան մտած է պատմական նոր փուլ մը, ուր պէտք է վերատեսութեան ենթարկել մեր պատմութեան ու աշխարհագրութեան մասին բոլոր գիտելիքները, դարաւոր թշնամիին հանդէպ (ան)արդար կեցուածքը եւ տոգորուինք թուրքին ու ազերիին հետ եղբայրական, գործակցական զգացումներով: Անկէ ասդին, սահեցան ամիսներ. Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ամէն օր «դրական նշաններով» հարստացուցին մեր յարաբերութիւնները:

Ու պէ՞տք է զարմանալ, երբ նման բարի նշաններ տեսնող ՔՊ-ական պատգամաւոր մը խորհրդարանի բեմէն կը յայտարարէ, թէ ընդդիմադիր պատգամաւոր մը ինչո՞ւ ոճրագործ ու դատապարտելի կը նկատէ Էրտողանը, երբ կայ… անմեղութեան կանխավարկածը: Թուրքիոյ նոյնիմաստ տրամաբանութեան արդիւնքը չէ՞ր Թալէաթի, Էնվէրի եւ միւս ցեղասպաններուն հերոսացումը, Ատրպէյճանի մէջ՝ Սաֆարովի մը հերոսի պատուանդանին բարձացումը (զարմանալին այն է, որ հայ զանգուածը անկարող է Փաշինեանի պէս «ռահվիրայի» մը տեսածները տեսնելու, կը մերժէ մուտք գործել 21-րդ դարու երրորդ տասնամեակը…: Փաշինեան «փրկիչը» ե՞րբ պիտի բանայ բոլորիս աչքերը):

 

Ս. ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ

30 Օգոստոս 2021

——————-

(*) Ծանօթ խօսք է, չէ՞. «Եթէ Աստուած ուզէ աղքատը ուրախացնել, օր մը անոր էշը կորսնցնել կու տայ, յաջորդ օրն ալ կ’օգնէ որ վերագտնէ»: