Հինգշաբթի. 2 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի հրաւէրով եւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի Վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ACN բարեսիրական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու պաշտօնական ծանօթացումը ՀՄԸՄ-ի վերանորոգուած դաշտին։
Հանդիպումին բացումը կատարեց ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը։
Հանդիպումին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, ACN բարեսիրական միութեան ներկայացուցիչներ՝ տիկին Ռեժինա Լինչ, պրն. Ռայնհարտ Պաքս, Պատկան Մարմնի, Ազգ. Վարչութեան, ՀՄԸՄ֊ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչները եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչը։
Ներկաներուն վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք ուղղեց տիկին Նայիրի Զագոյեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄ-ի պասքէթի դաշտի վերաշինութեան նպաստող բոլոր կողմերուն, յատկապէս տիկին Ռեժինա Լինչին եւ պրն. Ռայնհարտ Պաքսին, աւելցնելով, որ ՀՄԸՄ֊ը հայկական այն մոջավայրն է, որ կը համախմբէ հայ երիտասարդներն ու մարզիկները՝ զարգացման դաշտ ստեղծելով անոնց համար։
Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթի կրտսեր խումբերը առաջին պաշտօնական պասքեթի մրցումը կատարեցին, արժանանալով ներկաներուն ծափողջոյններուն եւ քաջալերանքին։
Մրցումին բացումը կատարեց Հալէպի երիցագոյն ՀՄԸՄ֊ական պասքեթպոլիստ եղբ. Տիգրան Տիգրանեան։
Օրուան եզրափակիչ պասգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ACN բարեսիրական-եկեղեցական կազմակերպութեան, դիտել տալով որ հալէպահայ երիտասարդութիւնը կ՚ապրի աննախադէպ, ծանր տնտեսական պայմաններու մէջ՝ տասը տարուան պատերազմի դժուարութիւնները յաղթահարելէ ետք, ուստի նման հաւաքավայրեր յոյսի սերմեր կը ցանեն անոր մէջ՝ մարզուելու, վերանորոգուելու եւ առողջ կենսակերպով, ջերմ միջավայրի մէջ ապրելու։
Սրբազան հայրը շեշտեց, որ ACN-ը ոչ միայն դաշտի վերանորոգման, այլ տարբեր մարզեդու մէջ օժանդակութիւն հայթայթած է ու կը շարունակէ հայթայթել սուրիահայութեան, աւելցնելով որ այսպիսով մենք կը զգանք որ առանձին չենք այս տագնապի դիմագրաւման մէջ եւ նոր ուժ կը կուտակենք մեր ապագային լաւատեսութեամբ նայելու։
Աւարտին հիւրերը ծանօթացան դաշտին բաժիններուն եւ շարունակուող նորոգութիւններուն։