(Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան Տարեկան Բանակումին Առիթով)
Սուր­իոյ Պա­տա­նե­կան Միու­թեան «Ար­ցախ» բա­նա­կու­մը սկիզբ առաւ Քե­սա­պի էքի­զօ­լու­խի բա­նա­կա­վայ­րէն ներս, 16 Օգոս­տոս 2021-ին: Բա­նա­կու­մին կը մաս­նակ­ցէ­ին Դա­մաս­կո­սէն, Հա­լէ­պէն, Լա­թաք­իա­յէն եւ Քե­սա­պէն 220 պա­տա­նի­ներ: Սր­բա­զան հօր օրհ­նա­բեր այ­ցե­լու­թեամբ սկ­սած «Ար­ցախ» բա­նա­կու­մի 7 օրե­րու տե­ւո­ղու­թեան, ունկնդ­րե­ցինք հա­յոց պատ­մութ­եան, ինչ­պէս նա­եւ ազ­գա­յին եւ յե­ղա­փո­խա­կան նիւ­թե­րու մա­սին դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ: Օգտ­ուե­ցանք եր­գի ու­սու­ցու­մէն, առա­ւօտ­եան մար­զանք­նե­րէն, յանձ­նախմ­բա­յին աշ­խա­տանք­նե­րէն: Զրոյց­նե­րը կը վե­րա­բե­րէ­ին ըն­կե­րա­բա­րո­յա­կան, այժ­մ­է­ա­կան եւ դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան ու­սու­ցո­ղա­կան նիւ­թե­րու, եր­բեմն տե­սե­րիզ­նե­րով` առօր­եայ կեան­քէն քաղ­ուած պատ­կեր­նե­րու, որոնք յար­մա­րա­գոյն պա­հե­րը դար­ձան ըն­կե­րա­յին մտեր­միկ կա­պեր հաս­տա­տե­լու շր­ջան­նե­րէն եկած մեր ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րուն հետ եւ կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­լու, մէկս միւ­սին մտա­ծե­լա­կեր­պին ծա­նօ­թա­նա­լու եւ զար­գաց­նե­լու մեր մտա­հո­րի­զո­նը:
Ըն­կե­րա­յին եւ ազ­գա­յին ջերմ մթ­նո­լորտ ստեղծ­ուե­ցաւ ամէն երե­կոյ, բո­ցա­վա­ռող խա­րոյ­կին շուրջ տե­ղի ըն­թա­ցող խրախ­ճանք­նե­րուն ըն­թաց­քին: Նոյն­քան հա­ճե­լի եւ հե­տաքրք­րա­կան էին յար­ձա­կում­նե­րը, որոնց ըն­թաց­քին որ­պէս չար­քաշ եւ կայ­տառ պա­տա­նի­ներ, ապ­րե­ցանք ար­կա­ծախնդ­րա­կան պա­հեր եւ սոր­վե­ցանք պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կրել տար­բեր կա­ցու­թիւն­նե­րու մէջ:
22 Օգոս­տո­սի երե­կոյ­եան, խա­րոյ­կին շուրջ հա­ւաք­ուած ծնող­ներ եւ պա­տա­նի­ներ, մի­աս­նա­բար վա­յե­լե­ցին գե­ղար­ուես­տա­կան կո­կիկ յայ­տա­գիր մը:
Աւար­տին, ցտե­սու­թեան մաղ­թանք­նե­րով բաժն­ուե­ցանք մեր ըն­կեր­նե­րէն, նոր գոր­ծու­նէ­ու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու պայ­ծառ հե­ռան­կա­րով:
Գառնի Մանճեան