مساء يوم السبت الواقع في ٤ أيلول ٢٠٢١، بمباركة صاحب السيادة المطران ماسيس زوبويان، رئيس أساقفة أبرشية حلب و توابعها للأرمن الأرثوذكس وبحضور وفد رسمي برئاسة محافظ حلب حسين دياب، وأمين فرع حزب البعث أحمد منصور، تم استقبال أول رحلة طيران سورية خارجية من العاصمة الأرمينية يريفان إلى مطار حلب الدولي بعد عشرة أعوام من الانقطاع، إيذاناً بعودة حركة النقل الجوي بين البلدين الصديقين سورية و أرمينيا.
و كان بين القادمين من يريفان سفير سوريا في أرمينيا السيد محمد حاج ابراهيم الذي أكد بأن استئناف الرحلات بين العاصمة الأرمنية يريفان ومدينة حلب السورية إنجاز مهم وسيساعد في تسهيل عودة السوريين من الخارج ولا سيما أن جالية كبيرة من الأرمن السوريين هم من حلب ويرغبون في العودة وإعادة استئناف أعمالهم، وأشار إلى أن ذلك “يأتي ضمن توجهات الحكومة بتسهيل عودة السوريين”.
وأضاف السفير أن “عودة العمل على خط سوريا ـ أرمينيا سيساعد السوريين المقيمين في أوروبا بالعودة المباشرة إلى بلادهم في حال رغبوا في زيارتها، حيث ستصبح يريفان مركزا لعودتهم، وسيغني المسافرين عن السفر إلى مطار بيروت، كما سيساعد على تسهيل حركة نقل البضائع”. ووصف حاج إبراهيم تلك الخطوة بأنها “مهمة ولا سيما في ظل الحصار الجائر الذي تتعرض له سوريا”.
وقال حاج إبراهيم إن أرمينيا من الدول القليلة التي فتحت أجواءها للطيران السوري وقدمت تسهيلات وخدمات أرضية، وسمحت بتزويد الطيران المدني السوري بالوقود.
شكرا للمصور جورج اورفليان.
Այսօր՝ Շաբաթ, 4 Սեպտեմբեր 2021-ին, տասը տարուան դադրեցումէն ետք, արտերկրի թռիչքներու վերականգնումով բանիլ սկսաւ Հալէպի միջազգային օդակայանը, ուր վայրէջք կատարեց Երեւանէն ժամանած առաջին օդանաւը։
Առաջին օդանաւով Երեւանէն Հալէպ 75 ժամանողներուն մէջ էին Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան տիար Մուհամմէտ Հաճ Իպրահիմը։
Առաջին օդանաւի ճամբորդները դիմաւորուեցան օրհնութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի։ Ընդունելութեան ներկայ էին Հալէպի նահանգապետը եւ անոր ընկերակցող նահանգային խորհուրդի պատուիրակութիւնը, Պաաս կուսակցութեան Հալէպի քարտուղարը, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդն ու Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, օդակայանի տնօրէնութիւնն ու մեծաթիւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ։
Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Մուհամմէտ Հաճ Իպրահիմ իր ուրախութիւնը յայտնելով շեշտեց, որ Հալէպ-Երեւան թռիչքներուն վերականգնումը նախ պիտի նպաստէ երկու բարեկամ երկիրներու՝ Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ փոխադրութեան աշխուժացման, տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան զարգացման։ Դեսպանին համաձայն, արտերկրէն Սուրիա ժամանած առաջին թռիչքը մեծ կարեւորութիւն կը զգենայ նաեւ այն պատճառով, որ Երեւան կրնայ Հալէպը կապել նաեւ եւրոպական շարք մը քաղաքներու, ինչ որ առիթ կ՚ընծայէ բոլոր սուրիացիներուն տարբեր երկիրներէ Երեւանի ճամբով ժամանելու Հալէպ, իսկ սուրիահայերուն եւ տարբեր երկիրներու հայերուն այցելելու Հայաստան եւ Սուրիա։
Հաճ Իպրահիմ աւելցնելով ըսաւ, որ Հայաստան այն սակաւաթիւ երկիրներէն էր, որ իր օդային տարածքը բացաւ սուրիական օդանաւերուն դիմաց, տարբեր ծառայութիւններ տրամադրեց, ինչպէս նաեւ թոյլատրեց վառելանիւթ մատակարարել սուրիական քաղաքացիական օդանաւերուն:
Այս առիթով շնորհաւորական խօսքեր արտասանեցին նաեւ Պաաս կուսակցութեան Հալէպի քարտուղարը եւ Հալէպի նահանգապետը։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը ողջունելով Երեւան-Հալէպ թռիչքին վերականգնումը շեշտեց, որ Հայաստանն ու Սուրիան միասնաբար, իրար նեցուկ կանգնելով յաղթահարեցին ու պիտի յաղթահարեն շարք մը դժուարութիւններ։
Գերշ. Տէր Մասիս Զօպուեան իր ուրախութիւնը յայտնեց Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանին առաջին թռիչքով Հալէպ ժամանելուն եւ իր անձնական օրինակով օդային այս գիծի օգտագործումը խրախուսելուն համար, բարի գալուստ մաղթելով իրեն Սուրիական Հայրենիք, Հալէպ։
Սրբազանը ցնծութեամբ դիմաւորեց նաեւ սուրիահայերը, որոնք շնորհակալութեան խօսքերով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին այս ընդունելութեան համար, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ փոխադրամիջոցներու նախարարութիւնը մեծապէս գնահատեցին երթեւեկութեան այս առիթին ստեղծման համար։
Նշենք, որ Հալէպի Միջազգային Օդակայանին մէջ արտերկրէն հասած վերջին օդանաւը վայրէջք կատարած էր Յունուար 2011-ին։ Տասը տարիներու արտաքին թռիչքներու դադրեցումէն ետք, այսօր առաջին օդանաւն է որ արտերկրէն, Երեւանէն վայրէջք կը կատարէ Հալէպ։
Առաջին ութը լուսանկարները տրամադրեց տիար Ճորճ Ուրֆալեան։