«Էրմէնիհապեր».-Թրքալեզու պետութիւններու գործակցութեան խորհուրդի կողմէն կազմակերպուած լրագրական զբօսաշրջութեան ընթացքին 30 լրագրող` Թուրքիայէն, Ղազախիստանէն, Խրխզիստանէն, Իւզպեքիստանէն եւ Հունգարիայէն, արցախեան 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Ատրպէյճանի բռնագրաւած Վարանդայի (Ֆիզուլի), Ջրականի (Ճապրայիլ), Ակնայի (Աղտամ) շրջաններ եւ Շուշի այցելած են: Ծրագիրը սկիզբ առած է 30 Օգոստոսին Պաքուի մէջ: Լրագրողները հանդիպում ունեցած են նաեւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու բաժինի ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւի հետ: Թրքական խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Կիսմաթ Կոզալով յայտնած է, որ զբօսաշրջութիւնը կազմակերպուած է այս տարուան Ապրիլ ամսուն Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Թրքական խորհուրդի տեղեկատուութեան հարցերու պատասխանատու նախարարներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու երրորդ հաւաքի ընթացքին ձեւաւորուած ծրագիրին համաձայն: