«Երկիր».-Թուրքիա եւ Ատրպէյճան սկսած են զինուորական գործակցութեան նոր միատեղ նախագիծը, որ կոչուած է «Եղբայրական կազմ»: Խօսքը երկու պետութիւններու զինեալ ուժերու միատեղ գործունէութեան կազմակերպման, ուսուցման եւ կառավարման ծրագրումի մասին է: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ Ազգային Պաշտպանութեան Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Փընար Քարան: Քարան ըսած է, որ ներկայիս Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու համապատասխան ստորաբաժանումները կը շարունակեն միատեղ վարժութիւնները: