Կիրակի, 5 Սեպտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Հալէպի Մաամուն երկրորդական վարժարանէն ներս, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարար դոկտ. Տարէմ Թապպաա մեկնարկը կատարեց Սուրիոյ վարժարաններու 2021-2022 ուսումնական տարեշրջանի վերամուտին, ներկայութեամբ Պաաս կուսակցութեան Հալէպի քարտուղար Ահմատ Մանսուրի, Հալէպի Կրթութեան Տնօրէնութեան տնօրէնութեան եւ այլ կրթական մարմիններու ներկայացուցիչներու։
Նախարար Թապպաա վարժարաններու բացման օրը երջանկութեան օր հռչակեց։ Ան կոչ ուղղեց աշակերտութեան լրջօրէն հետեւելու դպրոցական ծրագիրներուն, որովհետեւ ուսումը ազգային պարտք է եւ ուսումով միայն Սուրիոյ ապագան պիտի զարգանայ։
Գեղարուեստական այլ ներկայացումներու կողքին, հանդիսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի “Շուշի” մանկապատանեկան պարախումբը։