Երեքշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ նախօրօք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու թրքական պատկերասփիւռային կայանէ մը յայտարարեց, որ Սուրիան ապահովական հարցերով եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով թրքական իշխանութիւններուն հետ կը բանակցի։ Այս առիթով Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ շեշտեց. «Սուրիոյ Հանրապետութիւնը կը հերքէ Չաւուշօղլույի Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ապահովական հարցերու շուրջ բանակցութիւններ տեղի ունենալու յայտարարութիւնը։
Անգարայի մէջ իշխող համակարգը Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան գլխաւոր աջակիցն է։ Ան այսպիսով տարածաշրջանին ապահովութիւնը կը խախտէ եւ միջազգային օրէնքներուն կը հակասէ։