Աշակերտական օրերուն կը փափաքէինք շուտով աւարտել մեր ուսումնական ընթացքը: Մեծ մասամբ այս մտայնութիւնը ունէինք: Տարեշրջանին շաբթուան արձակուրդը ուրախութիւն էր մեզի համար, դասատուին բանաւոր բացակայութիւնը` հաճելի, ինչ-ինչ ձեռնարկներու կամ ելոյթներու ներկայ գտնուիլը` ազատութիւն վայելելու առիթ, իսկ ամառնային արձակուրդը` հանգստանալու երկար ժամանակ:

Վերամուտը կը զուգադիպի զանազան պաշարներու պատրաստութեան եղանակին: Անոնցմէ իւրայատուկ է պղպեղը: Մերինները պաշարի պատրաստութեան դժուարին գործին կը լծուէին: Պատշգամը փռուած կարմիր պղպեղները տեսնելով կը յիշէի որ արդէն հասած ենք վերամուտի սեմին: Հիմա կրցած եմ պաշարին եւ վերամուտին միջեւ եղած տարօրինակ նմանութիւնը հասկնալ: Պաշարը տունը կը հարստացնէ, դպրոցն ալ մարդուս միտքին պաշարը գիտելիքներով կը հարստացնէ: Ամէն դասանիւթ մտապաշարը լեցնելու յատկութիւն ունի: Մեր ստացած գիտելիքները, լսած տեղեկութիւնները եւ ընկալած գաղափարները մեծապէս կը նպաստեն առողջ միտքի կազմաւորման:
Դպրոցը իր դռները բանալով ապագայի դռները բանալու կ՚օգնէ եւ այդ “դուռ”ը բանալու արուեստը կը սորվեցնէ: Հայ դպրոցն ալ իր կոչումով, իր խնամքին յանձնուածները ապագայի դռներուն առաջնորդող հաստատուն եւ վստահելի կամուրջն է:

ՀԱՅ դպրոցին ընդմէջէն իմաստութեան, հանճարի եւ գիտութեան լոյսը ճառագայթեց: Հայ դպրոցի ծոցէն հայապահպանման սատարելու եւ մշակութային արժէքները տարածելու զինուորագրեալներ ծնունդ առին: Հայ դպրոցի լուսաշող ուղիէն անցան ապագայատեսիլ սեւեռումներով ընթացող աշակերտներ, որոնք գրիչ շարժեցին, սուրբ Մեսրոպի ձայնը հնչեցուցին, ոսկեղէն խորհուրդներ փոխանցեցին, այլ խօսքով` իրենց լուման նուիրաբերեցին եւ եղան ժիր մշակներ հայ գրականութեան անդաստանին:
Առանց հայ դպրոցին մենք անվաւեր հայ պիտի նկատուէինք եւ օտարանալու պատրաստ պիտի ըլլայինք:

Մեր յիշողութեան մէջ դպրոցական կեանքի պատկերները կը մնան անջնջելի: Պատահական չէ այս իրականութիւնը: Ամէն մարդ ունի աշակերտական օրերէն պատմելիք դէպք մը, մէջբերելիք խօսք մը, ներկայացնելիք օրինակ մը եւ նկարագրելիք հետաքրքրական պահ մը…: “Դպրոցը երկրորդ տուն է”: Այս ասացուածքը իրաւացի է: Օրական 6 ժամ միասին ապրիլը քիչ ժամանակամիջոց չէ: Երանելի են այն անձերը, որոնք դպրոցական ընկեր ունեցան եւ իրենց ընկերութիւնը շարունակուեցաւ յետոյ` կեանքի դպրոցին մէջ:

Ուստի վերամուտը կեդրոնացած աշխատանքով զարգանալու, աննկուն կամքով զինուելու, գիտելիք ամբարելու, լաւագոյնին ձգտելու, ժամանակը օգտագործելու, դասընկերներով ուրախանալու եւ դասատուներուն փորձառութենէն օգտուելու հրաւէր է: Անշշուկ դպրոցները վերստին աշակերտներուն ցնծութեան կանչով, անսպառ եռանդով եւ խանդավառող ներկայութեամբ պիտի ունենան ջերմ եւ հայատրոփ մթնոլորտ:
Դպրոցը աստուածային շնորհքներու յայտնաբերման տեսակէտէն մեծ դեր ունի: Աշակերտը շնորհիւ իր դասատուին, տեսուչին եւ տնօրէնին իր մէջ սերմանուած ձիրքերուն ծանօթ կ՚ըլլայ եւ եթէ ժամանակի ընթացքին ինքզինք զարգացնէ աւելի կը հմտանայ եւ իր շնորհնքները աւելի կը ծաղկին:
Ահաւասիկ կրկին կը համախմբուին ուսանողները ՀԱՅ դպրոցին նուիրական յարկին տակ, որպէսզի “քալեն դէպի վեր”, “ընթանան յառաջ”, եւ իրենց առօրեան ըլլայ պատուաբեր, օրհնաբեր, արդիւնաբեր, յոյսով խօսուն, սիրով օծուն եւ գիտութեամբ շողուն:
Հայ դպրոցը ոգեղէն ներկայութիւնն է Թարգմանչաց պատուական սերունդին: Հայ աշակերտն ալ թարգմանիչ հայրերու հետքերով ընթանալու է, այսինքն` սորվելու սէրը արտայայտելու է, լաւապէս պրպտելու ճիգ թափելու է, հոգեմտաւոր ճշմարտութեան փնտռտուքը կատարելու է, աշակերտելու գիտակցութեամբ իր կոչումը արժեւորելու է…:

Դպրոցական առօրեան առաւօտեան աղօթքով կը սկսի: Ինչքան տպաւորիչ եւ խրախուսիչ է աղօթքին պահը: Երբ հաւաքաբար եւ միասիրտ ամէնքը “ՀԱՅ ՄԵՐ” աղօթքը կ`արտասանեն: Այդ աշակերտական արարողութեան ճամբով դպրոցը կը վերածուի հրաշակերտ տաճարի, մտքի խորանի, սրբազան կառոյցի, Մեսրոպաշունչ անդաստանի եւ հոգեխօս գանձատունի:

Հայ աշակերտը հարկ է որ նաեւ բարի վարք ու բարքով յատկանշուի: Նիշը անձին սեփական ճիգերուն ցուցանիշն է, իսկ վարքն ու բարքը նկարագրային գիծերը ցոյց տուող չափանիշ: Նիշ եւ նկարագիր: Երկուքն ալ իրարմէ եթէ անբաժան մնան աշակերտը ոչ միայն պատուոյ ցանկին առաջնակարգ դիրքը կը գրաւէ, այլ նաեւ կարգապահութեան, աշխատասիրութեան եւ ընկերասիրութեան օրինակը կը հանդիսանայ:

Թող Տէր Աստուած Իր մարդասիրական խնամքին ներքեւ պահէ մեր հայաշունչ կրթական հաստատութիւնները, որոնք սրբազան առաքելութիւն ունին:

Բարի գալուստ սիրելի աշակերտներուն: Խոր յարգանք կ՚ընծայենք կրթական մշակներուն, երախտագիտութեամբ կը յիշենք բարերարները, եւ վառ յոյսով կ՚ապրինք` հակառակ կեանքի բազմաբնոյթ տագնապներուն:

Թող անսասան մնան դպրոցները հայկական, բիւր բարիքներով բարգաւաճին տեւական, եւ ընդմիշտ ծաղկուն օրեր ունենան:
Ի սրտէ կը մաղթեմ բարեյաջող ուսումնական տարեշրջան:

 

Խորէն.Քհնյ.Պէրթիզլեան