Չորեքշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական պետութեան կողմէ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ առաջադրուած համաձայնութեան լոյսին տակ, այսօր սուրիական բանակը մուտք գործեց Տարաայի կեդրոնը եւ սուրիական դրօշակը բարձրացուց «Արպաաին» թաղամասի կարգաւորման կեդրոնին վրայ։
Տարաայի մէջ ՍԱՆԱ-Ի թղթակիցը յայտնեց, որ սուրիական բանակը սկսաւ հաստատել իր վերահսկողութեան կեդրոնները եւ տարբեր շրջաններ ականազերծել։ Թղթակիցը աւելցուց, որ սուրիական բանակը յայտնաբերեց ահաբեկիչներուն թաքստոցները, հաստատման վայրերն ու հրթիռներու արձակման կեդրոնները։
Նախօրօք, տասնեակ ահաբեկիչներ իրենց զէնքերը յանձնեցին սուրիական բանակին եւ անոնց վիճակը կարգաւորուեցաւ։