ՏԵՂԱԿԱՆ

Լուրեր Սուրիոյ Մարզական Կեանքէն – 2020-ին Յորդանանի մէջ տեղի ունեցած արաբական երկիրներու աղջկանց պասքեթի մրցաշարքի առաջին հանդիպումին, Կիրակի օր, Դամասկոսի Սաուրան 71 – 68 արդիւնքով պարտութեան մատնեց յորդանանեան Օրթոտոքսին կազմը: Յաղթանակին կէտը նշանակեց ամերիկացի արհեստավարժ մարզիկուհին՝ հեռաւոր հարուածով: Յիշենք, որ Սաուրայի լաւագոյն խաղացող Ալիսիա Մակարեան նշանակեց 17 կէտ: Երկրորդ հանդիպումին Սաուրան կրկին յաջողեցաւ պարտութեան մատնել մրցակիցը, որ այս անգամ եղաւ նախկին մրցաշարքի արաբ երկիրներու ախոյեանը՝ Լիբանանի Պէյրութի խումբը: – Կիրակի օր Հալէպի Իթթիհատը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ խումբին միացած է Սուրիոյ հաւաքականի խաղացող Ապտուլ Ուահապ Համուին՝ «ՀԱՊՕ»-ն: – Անցեալ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Պասքեթի Դաշնութեան ընտրութիւնը, որուն ընթացքին յառաջացաւ նոր կազմ մը՝ Թարիֆ Քոթրաշի նախագահութեամբ: Կազմին մէջ Հալէպէն ներառնուած է Ժագ Պաշայեանին:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆԹՈՒԱՆ ՔՐԻԶՄԱ ԱԹԼԵԹԻՔՕ ՄԱՏՐԻՏ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Ֆրանսացի յարձակող Անթուան Քրիզման վարձակալութեան իրաւունքով քաթալոնէական Պարսելոնայէն վերադարձաւ իր նախկին խումբին՝ Աթլեթիքօ Մատրիտին, որուն մաս կազմած էր 2014-2019: Երկու ակումբներուն համաձայն, անոր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու հաւանականութիւն կայ: Այս առումով, զոյգ ակումբներուն համաձայնութիւնը տեղի ունեցաւ ամառնային փոխադրաշրջանի վերջին վայրկեաններուն: Աւելցնենք, որ այս տարեշրջանին Պարսելոնայէն հեռացան քանի մը խաղացողներ, որոնցմէ գլխաւորն էր խումբի խմբապետ Լիոնէլ Մեսսին:

ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՎԱՐԷ ԻՄՊԱՊԷՅԻ ՀԵՏ

Ռէալ Մատրիտի եւ Փարիզ սան Ժերմանի վարչութիւններուն միջեւ բանակցութիւնները ձախողութեան մատնուելէ ետք, սպանական ակումբին պատասխանատուները անմիջական բանակցութիւն սկսան վարել ֆրանսացի խաղացող Քիլեան Իմպապէյի հետ՝ Յունուար ամսուան ընթացքին անոր Ռէալ Մատրիտին միացնելու միտումով: Ըստ ABC թերթին, Ֆրանսացի մարզիկը Յունուարին ազատ վիճակով կարելիութիւն պիտի ունենայ տեղափոխուելու՝ Սան Ժերմանին հետ իր պայմանագրութեան ժամկէտը աւարտած ըլլալուն համար։ Այս առիթով, Ռէալ պատրաստակամութիւն յայտնած է Իմպապէյին տարեկան 40 միլիոն եւրօ վճարել։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԾԱՆՐ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԿՐԵՑ

Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը առաջին պարտութիւնը կրեց աշխարհի 2022-ի առաջնութեան զտման մրցումներուն, զիջելով Գերմանիոյ կազմին՝ 6 – 0 արդիւնքով: Հանդիպումի առաջին կիսուն, գերմանացիները չորս առիթներով յաջողեցան ցնցել Հայաստանի դարպասը: Երկրորդ կիսուն, անոնք շարունակելով իրենց խիտ յարձակումները, դարձեալ երկու կոլ նշանակեցին: Այդպիսով, Գերմանիոյ հաւաքականը 6 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հայաստանի կազմը եւ գրաւեց առաջին դիրքը, իսկ հայաստան կրկին մնաց երկրորդ դիրքին վրայ:

 Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սուլահեան