Մանուկ տարիքէս միշտ ուզած եմ 12-րդ կարգ հասնիլ, Խորհելով որ երբ դպրոցս աւարտեմ, մեծնամ եւ շրջանաւարտ դառնամ, աւելի հաճելի պիտի ըլլայ կեանքը, ինչպէս որ ամէն մանուկ կը խորհի, թէ դպրոցը եւ դասերը արգելք կը հանդիսանան յաճախ հաճելի պահեր վայելելու։ Այս տարի աւարտեցի դպրոցս եւ արդէն սկսած եմ կարօտնալ դպրոցական օրերս, ընկերներս եւ ուսուցիչներս։ 12-րդ կարգը ինծի համար եղաւ նոր փորձառութիւն մը։ Ան չէր նմաներ ոչ մէկ տարուան, քիչ մը դժուար էր մնացեալ տարիներուն հետ համեմատած, սակայն քաջ գիտէի, որ սորվելով պիտի գծեմ կեանքիս երկար ճամբան։ Այս ճամբան գծած ատենս հանդիպեցայ շատ մը դժուարութիւններու։ Ընկերներուս եւ իմ միջեւ սկսաւ մրցակցութիւն մը, թէ ո՛վ ամէնէն բարձր գնահատանիշը պիտի ապահովէ եւ պիտի հասնի ամէնէն բարձր մակարդակին` առաջնակարգ դիրքին։ Այս մրցակցութիւնը հաճելի էր, որեվհետեւ պտղաբեր էր։ Այո՝ կորսնցուցինք ընկերներ, բայց շահեցանք կեանքի նոր փորձառութիւն մը։ Այս տարին ունէր իր անուշութիւնն ու հաճոյքը, ինչպէս ամէն տարի ունի իր անուշ յուշերը։ Միշտ մտապաստառիս վրայ տեսերիզի նման կը սահի ամէն մէկ վարկեանը, որ անցուցած եմ վարժարանէս ներս՝ ուրախ թէ տխուր։ Այս տարի մեզմէ իւրաքանչիւրը ունեցաւ դրական եւ ժխտական ապրումներ, յոյզեր, բայց մենք յաղթահարեցինք ամէն դժուարութիւն եւ հասանք մեր նպատակին։ Եզրակացուցի վերջապէս, որ աշխատանքով իւրաքանչիւրս կը հասնի ուրախութեան գագաթնակէտին, երբ յաջողի եւ յաղթահարած ըլլայ ոչ թէ միայն 12-րդ կարգի պետական քննութեան, այլեւ կեանքին տարբեր փուլերուն իր դիմաց ցցոուղ դժուարութիւնները։ Մեր յաջողութեան ուրախութիւնը մէկ փուլի համար էր, որովհետեւ տակաւին շատ բաներ ունինք սորվելիք եւ շատ քննութիւններ ունինք յանձնելիք։ Մենք պարզապէս յաջողեցանք առաջին փուլին, հիմա երկար ճամբայ մը մեզի կը սպասէ։ Այս տարի երբ դպրոցները իրենց դռները բանան, դպրոցի փոխարէն ամէն մէկս մէկ համալսարան պիտի յաճախէ, նոր վայրի եւ շրջանակի մէջ։ Արդեօք ինչպիսի՞ նորութիւններ մեզի կը սպասեն։ Հետաքրքրութեամբ կը սպասեմ… Կը խոնարհիմ բոլոր ուսուցիչ եւ ուսուչուհիներուս դիմաց, որոնք մեր փոքր տարիքէն սկսեալ ուսում ջամբեցին մեզի։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իրենց, որովհետեւ մեր կողքին եղան անցնող տարիներուն եւ միշտ քաջալերեցին մեզ, որպէսզի հասնինք մեր նպատակին։ Ցտեսութիւն, իմ շա՛տ սիրելի դպրոցս, ընկերներս եւ ուսուցիչներս։

 Սիլվի Նարինեան