«Սոնոսելիկաֆոպիա». այսպէս կը կոչուի գարեջուրի գաւաթին դատարկուելու վախը: Այո՛, նոյնիսկ այս աստիճանի սիրահարներ կան գարեջուրին, բայց տեղին է յիշել որ գարեջուրը ոգելից ըմպելիներուն ամէնէն օգտաշատն է եւ նոյնիսկ սննդանիւթ կը համարուի: Ամրան տաքուն, աշխարհի չորս ծագերուն, նոյնիսկ ձմրան ցուրտին առանձնայատուկ է գարեջուրը: Գարեջուր խմողներու դէմքին հրաշալի գոյնը, թարմութիւնը, ֆիզիքական մեծ ճիգեր ընելու ընդունակութիւնն ու զուարթութիւնը տուած են անոր համբաւը: Հիպոկրատ գուշակելով անոր միզամուղ յատկութիւնը, որպէս դարման կը թելադրէր ջերմութիւն ունեցողներուն: Այժմ կենսաբանական եւ կենաքիմիական սերտողութիւնները կը հաստատեն, որ գարեջուրը դիմադրողականութիւնը կը բարձրացնէ ընդդէմ խլիդներու (cancer), կը դիւրացնէ մարսողութիւնը, հարուստ է B1, B2, PP կենսանիւթերով, կիրով (Ca), փոսփորով (P) եւ հանքային տարբեր տարրերով: Գարեջուրի ամէնէն հին յիշատակութիւնները եղած են միջագետքի եւ Եգիպտոսի մէջ մօտաւորապէս մ.թ. 5000 տարի առաջ: Համորապիի օրէնքներուն մէջ յիշատակուած է պատրաստութեան ձեւը, իսկ Շումերական սալիկներուն վրան նոյնիսկ որպէս «Նինկասիի գովերգ» նշուած է բաղադրատոմսը ու ծառայած է իբրեւ աղօթք աստուածուհիին նուիրուած: Գարեջուրը կը յառաջանայ գարիի օսլայի (նիշա) խմորումներէն, որ կը կոչուի գարիի ածիկ, ինչպէս նաեւ հիմնական է «գայլուկ» խոտաբոյսը, որ պատասխանատուն է անոր հաճելի դառնութեան: Խմորումները կը տեւեն մօտաւորապէս 35 օր եւ կը պահանջէ 30-35 ջերմաստիճան եւ իբրեւ արդիւնք կը յառաջանան գարեջուրին փափուկ պղպջակները եւ ալգոհոլին քանակը կ’ըլլայ 0.5-20%-ի միջեւ: Ներկայիս որոշ գործարաններ կ’արտադրեն նոյնիսկ 40% խտութեամբ: Գարեջուր պատրաստուած են նաեւ ցորենի, եգիպտացորենի, բրինձի խմորումներէն, հետագային անոր աւելցուեցան նաեւ տարբեր միրգերէ ու խոտաբոյսերէ համեմունքներ: Հետաքրքրական այն է, որ հին Եգիպտոսի մէջ բուրքերու շինութեան ժամանակ բանուորները օրական դրութեամբ կը վարձատրուէին մինչեւ 4 լիթր գարեջուրով: 1512-ին, գարեջուրով նշանաւոր Պաւարիա քաղաքին մէջ պաշտօնապէս յայտարարուեցան բարձրորակ գարեջուրի չափանիշները իբրեւ օրէնք, եւ կ՚արժէ արձանագրել, թէ պատրաստութիւնը վերապահուած էր միայն կանանց: «Գարեջուրը ապացոյց է, որ Աստուած կը սիրէ մեզ» արտայայտուած է Պէնժամին Ֆրանքլինը: «Գարեջուրը ստեղծողը խելացի մարդ էր» նկարագրած է Պղատոնը: Իսկ ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս ճերմակ փրփուրի ամպերէն ծորող ոսկեկաթիլ հեղուկին մասին:

 Անի Մինասեան