Հայ ժողովուրդը պէտք է ցնծութեամբ լեցուի. վարչապետ Փաշինեան վերջերս աւետեց, որ Թուրքիայէն «դրական նշաններ» կը տեսնէ՝ խաղաղութեան եւ բարի դրացնութեան էջը բանալու առումով: Եւ իսկապէս, ամէն օր նոր նշաններ կը հասնին Թուրքիայէն (եթէ հաւատացողներ կան, որ Ատրպէյճանը Թուրքիայէն բոլորովին անկախ է եւ անմասն՝ անոր «դրական քայլեր»ուն, այդ ալ իրենց գործն է):

Որպէսզի չմնանք «զրպարտող»ի ու չարխօսիկի պատմուճանին մէջ, թուենք նորագոն «դրական նշաններ»էն մէկ քանին:

Ա. Թուրքիա եւ Ատրպէյճան դարձեալ միացեալ ռազմափորձ կ’ընեն Արցախէն իրենց «ազատագրած» մէկ շրջանին՝ Քաշաթաղ-Բերձոր գօտիին մէջ, որ կը վերահսկէ Հայաստանը Արցախի մնացորդացին կապող ճամբան, դրացի է Սեւ լիճին եւ Գորիստ-Կապան մայր ճամբուն, ուր նմանապէս հաստատուած են ազերիական ուժեր (տեսնել քարտէսը): Ռազմափորձեր տեղի ունեցան նաեւ Պաքուի ծովափին: Չկարծէ՜ք, որ ասոնք թշնամական նպատակով առնուող քայլեր են. նպատակը՝ հայկական վտանգուած շրջաններուն պաշտպանութիւնն է (եղեր): Չէ՞ որ 44-օրեայ պատերազմի նախօրեակին ալ միացեալ ռազմափորձեր կատարուեցան Նախիջեւանի մէջ եւ այլուր, սակայն հայկական կողմը այդ օրերուն կարողութիւնը չունեցաւ անոնց մէջ տեսնելու «դրական նշաններ»ը եւ ինկաւ պատերազմի մէջ (Ազրպէյճան կը պնդէ, որ հայկական կողմն էր պատերազմը սկսողը, Հայաստան, խաղաղասիրութեան ոգիով լեցուած, չի ճգնիր իրականութիւնները ի յայտ բերելու, մտածելով, որ իրականութիւնը չտեսնողներ մնացած չեն):

Բ. Արցախի սահմանային գիւղերու վրայ դարձեալ կրակ բացուած է. «դրական նշան» է, որովհետեւ… զոհ եւ վիրաւոր չկայ: Իսկ եթէ քանի մը ապակի փշրուած է կամ բնակարաններ վնասուած, ի՜նչ արժէք ունի: Ասոնք արձանագրուած են սահմանամերձ շրջաններու մէջ արօտավայրերու հրդեհման եւ կաթնատուներու գողութեան «դրական քայլեր»ուն վրայ:

Գ. Ատրպէյճան Երեքշաբթի, 7 Սեպտեմբերին Հայաստան վերադարձուց երկու հայ զինուոր, որոնք Սիւնիքի շրջանին մէջ կորսուած էին Յուլիսի կէտերուն եւ ինկած՝ ազերիներուն ձեռքը: Անոնց դիմաց, Ատրպէյճանին յանձնուած է ազերի զինուոր մը, որ Օգոստոսի վերջերուն ինքնաբուխ կերպով Մարտակերտ եկած էր եւ ձերբակալուած՝ երկու… պատանիներու օգնութեամբ: Ասկէ աւելի լաւ դրական նշա՞ն… (ձեր մտքէն չանցընէք, որ տեղ մը թատրոն կը խաղցուի):

Դ. Արցախի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում ունեցած են եւ ազերիական ոտնձգութիւններուն մէջ դրական բան չեն տեսած, մտահոգութիւն արտայայտած են յարձակումներուն, գերիներուն եւ այլ տագնապալի հարցերուն մասին (եւրոպացիք եւ ամերիկացիք ալ, ռուսերուն պէս, մտահոգութիւն յայտնելով կը բաւականանան): Վարչապետ Փաշինեան որոշած է այս երկու անուղղաները օժտել նոր ակնոցով, որպէսզի թրքական եւ ազերիական թշնամական արարքներուն մէջ եղող «դրական բաները» եւս տեսնեն: (Լուսանցքի վրայ կը մնան այն զրոյցները, թէ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը պատրաստուին Աֆղանիստանէն հեռացողներ Արցախի մէջ բնակեցնել…):

Ե. Ատրպէյճան ի մօտոյ աւարտին պիտի հասցնէ Վարանդայի շրջանին մէջ օդակայանի մը կառուցումը. Սա պիտի ըլլայ Արցախի զարգացման նպաստող այլ «դրական նշան» մը, մանաւանդ որ օդակայանը պիտի գործածուի նաեւ զինուորական նպատակներու համար: Հիմա կրնանք աւելի՛ վստահ ըլլալ, որ Արցախի օդային տարածքը փակ է, անխոցելի…

***

Չկարծէք, որ հայկական կողմը անպատասխան կը թողու թրքական (եւ ազերիական) կողմէն տրուած դրական նշանները:

Նախ ըսենք, որ նախորդ «դրական նշաններ»ը քիչ մը լուսանցքայնացուած են, բայց չեն մոռցուած (խօսքը կը վերաբերի «տարածքներու ամբողջականութեան» ճանաչման եւ «թշնամութեան հին պատճառները մոռնալու» հրաւէրներուն: Ասոնք հայութիւնը միակողմանի զիչումի տանելու նպատակով չեն եղած):

Հայկական կողմը դրական ի՛ր նշանները ցոյց տուաւ վերջին օրերուն: Նախագահ, վարչապետ եւ իշխանութեան այլ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ գործնապէս անտեսեցին Արցախի անկախութեան 30-մեակը. ոմանք արձակուրդ առեր էին, քաղաքավար կերպով Ալիեւի եւ անոր տէր-տիրական Էրտողանի հասկցուցին, որ թշնամական տրամադրութիւն չունին, իրողապէս ձեռքերը լուացած են Արցախէն:

Այլ դրական նշան մը. Հայաստանի շուկաներուն մէջ արդէն աւելի յաճախ կը տեսնուին թրքական արտադրութիւններ (մաս մը՝ այլ պիտակներով «ծպտուած»), յետոյ, շշուկներ շրջան կ’ընեն, որ թրքական արտադրութեանց ներածումը արգիլելու՝ Դեկտեմբերին ի զօրու դարձած որոշումը կրնայ շուտով մեղմանալ կամ վերցուիլ (փաստեր կան, որ գործնապէս վերցուած են, որովհետեւ կարգ մը թերթեր հրատարակած են լուսանականեր, ցոյց տալով, որ Աթաթիւրքի մեծադիր նկաները կրող թրքական ապրանքատար ինքնաշարժներ Երեւանի մէջ կը շրջագային օր-ցերկով): Պատճա՞ռը. Հայաստան չէ կրցած թրքականը փոխարինող արտադրութիւններ գտնել, ո՛չ ալ կրցած է իրականացնել գիւղացիներուն տրուած խոստումներուն շօշափելի մասը, թէ՝ տեղական արտադրութիւնները պիտի քաջալերէ: Յանցաւո՞ր է, երբ տեղ-տեղ երաշտ տիրած է, գիւղացիները հազար ու մէկ (արդարացի) գանգատ ունին եւ երբեմն ճամբաներ կը փակեն՝ բողոքի ձայն լսելի դարձնելու համար: Իսկ այլ արտադրանքներու համար աւելի երկար ժամանակ պէտք է, նաեւ… դրամագլուխներ:

***

Դրական ուրիշ նշան մըն ալ, որ ուղղակի կապ չունի թուրք-ազերիական «դրական նշաններ»ուն հետ: Քանի մը զինուորականներ կը դատուին, 44-օրեայ պատերազմին իրենց անփոյթ վարմունքին եւ այլ յանցնանքներու պատճառով: Գլխաւոր յանցաւորները եւ պատասխանատուները ազատօրէն կը շարունակեն քալել, թէեւ «Իմ Քայլը» մոռացութեան գիրկը կ’իյնայ (ինչպէս նախընթաց բազմաթիւ խմբակցութիւններ եւ «կուսակցութիւններ»): Նման դատավարութիւններ, կ’ըսեն չարխօսիկներ, կը ծառայեն հանրութիւնը «դրական բաներով» զբաղեցնելու, այնպէս՝ ինչպէս խորհրդարանական յանձնաժողովներու մակարդակին վրայ ընտրութիւններու հարցը կը ծառայէ էական եւ տագնապալի հարցերէն ուշադրութիւն շեղելու:

…Մօտաւորապէս 3 շաբաթ ետք, պիտի «տօնենք» Արցախի վրայ թուրք-ազերիական յարձակումին եւ 44-օրեայ պատերազմին շղթայազերծման առաջին տարեդարձը: Նոյն չարխօսիկները կ’ըսեն, որ յատուկ յանձնախումբ մը պիտի կազմուի (եղեր) եւ իշխանութեան թմբուկին համահունչ պարողներ ալ պիտի անդամագրուին անոր, քննելու համար, թէ այդ 44 օրերուն որքա՜ն «դրական նշան» հասած է Հայաստանին ու Արցախին. յանձնախումբին պարտականութիւն պիտի տրուի (եղեր) քննարկել նաեւ նոյնինքն Հայաստանէն ներս՝ Տաւուշէն մինչեւ Սիւնիք եւ Արմաւիր ի յայտ եկած «դրական նշաններ»ն ու անոնց բացած հորիզոնները:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

7 Սեպտեմբեր 2021