ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակ

Նկատի առնելով 44-օրուան պատերազմէն վերջ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական, անվտանգային եւ բարոյահոգեբանական մարտահրաւէրները՝ ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումով ՀՅԴ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի կազմին մէջ 2 Սեպտեմբերին իր գործունէութիւնը սկսաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի գրասենեակը։

Արցախի մէջ ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի հիմնադրումը յստակ քաղաքական ուղերձ է առ այն, որ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը, պատերազմի հետեւանքներուն վերացումն ու Արցախի վերականգնումը կը շարունակեն ըլլալ ՀՅԴ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի գործունէութեան առանցքային հարցերն ու քաղաքական առաջնահերթութիւնները։

Արցախի մէջ ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի հիմնադրման եւ Արցախի Հանրապետութեան օրուան յոբելեանի առիթով, 2 Սեպտեմբերին ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը Ստեփանակերտի մէջ կատարեց պաշտօնական ընդունելութիւն, ուր ներկայացուեցան Ղարաբաղեան հիմնահարցի ներկայ հանգրուանին ՀՅԴ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի քաղաքական առաջնահերթութիւնները եւ նորահաստատ գրասենեակի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները։

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի համակարգումով եւ ՀՅԴ Հայ Դատի աշխարհասփիւռ յանձնախումբերու աշխատանքի հետեւանքով՝ աշխարհի տասը երկիրներէն մօտաւորապէս քսան ակնառու քաղաքական գործիչներ շնորհաւորանքի ու քաջալերանքի խօսքեր յղեցին Արցախի ժողովուրդին՝ միաժամանակ իրենց համերաշխութիւնը յայտնելով յանուն Արցախի հայութեան արդար պայքարին։

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ 7 Օգոստոսին գումարուած է ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու առցանց խորհրդակցութիւն։ Խորհրդակցութեան մասնակցած են ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի անդամները, ՀՅԴ Հայ Դատի տարածաշրջանային գրասենեակներու աւելի քան 30 երկիրներու մէջ գործող ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու պատասխանատուները եւ ՀՅԴ մարմիններու ներկայացուցիչներ։

Խորհրդակցական ժողովի հիմնական օրակարգը եղած է ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու կողմէն Արցախի շահերու պաշտպանութիւնը։  Որոշում առնուած է յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին նոր թափ հաղորդել Արցախի շահերու պաշտպանութեան՝ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի եւ անկախութեան ճանաչման, միջազգային յարաբերութիւններու շեշտակի ընդլայնումին։ Նպատակադրուած աշխատանք պիտի կատարուի նաեւ Արցախի մէջ հասունցած մարդասիրական ճգնաժամը յաղթահարելու, բռնազաւթուած տարածքներու մէջ գտնուող մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան, ռազմագերիններու եւ քաղաքացիական պատանդներու վերադարձին, անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանաթրքական տեղեկատուական սադրանքներու չէզոքացման համար։

Ամերիկայի Միացեալ նահանգներ

Ամերիկեան 27 օրէսդիրներ 10 Օգոստոսին երկկուսակցական գրութեամբ դիմած են ԱՄՆ պետքարտուղար Է․ Պլինքընին՝ խնդրելով ներկայացնել տեղեկատուութիւն թրքական անօդաչուներու արդիւնաբերութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ պարզաբանել թէ արդեօ՞ք թրքական անօդաչուներու կազմութեան մէջ ներառուած ամերիկեան ճարտարագիտութեան առկայութեան հանգամանքը արդեօք չի խախտեր ամերիկեան օրէնսդրութիւնը։ Քոնգրեսականները յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են այն հանգամանքին, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին թրքական անօդաչու թռչող սարքեր կիրառուած են Արցախի մէջ՝ խաղաղ բնակչութեան դէմ, Սուրիոյ՝ քրտական ուժերուն դէմ և այլն։ Քոնկրեսականներու այս քայլին մեծապէս աջակցած են Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը, Յունա-ամերիկեան առաջնորդութեան հաստատութիւնը (HALC), «Քուրտիստանի Ամերիկացի Բարեկամներ» կազմակերպութիւնը, Հինտու ամերիկեան հիմնադրամը, «Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» Կազմակերպութիւնը եւ «Մերձաւոր Արեւելքի ֆորումը»։

Հայ Դատի Արեւմտեան Ամերիկայի յանձնախումբի գործողութիւններու հետեւանքով՝ Քալիֆորնիոյ վեհաժողովի անդամ Քրիս Հոլտըն 17 Օգոստոսին նահանգային օրէնսդիր մարմօնին բանաձեւ ներկայացուցած է Հայաստանի Սիւնիքի մարզի եւ ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի միջեւ քոյր յարաբերութիւններու հաստատման առնչութեամբ։

Բանաձեւտ յայտարարած է Քալիֆորնիոկ համերաշխութիւնը Սիւնիքի հետ: Ան կը խրախուսէ եւ կը նպաստէ փոխշահաւէտ կրթական, տնտեսական եւ մշակութային ծրագիրներուն:

Նոյն յանձնախումբի գործողութիւններու հետեւանքով Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամներ Էնթոնի Փարթանթինոն եւ Սքոթ Վիլք 18 Օգոստոսին յայտարարած են Քալիֆորնիոյ պետական աշխատողներու կենսաթոշակային համակարգի (CalPERS) որոշումը,  որով սահմանափակուած է վերջինիս ներդրումներն ու գործունէութեան քանակը։ CalPERS-ը Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող մեծագոյն պետական կենսաթոշակային համակարգն է, եւ անոր արտաքին գործունէութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունին օտար պետութիւններու տնտեսութիւններու համար:

Քալիֆորնիոյ պետական կենսաթոշակային հիմնադրամի կողմէն թրքական ներդրումներէն հրաժարելու գործընթացը սկսած է աւելի ուշ։ Յատկապէս CalPERS-ի քայլին նախորդած էր «Ուսուցիչներու Կենսաթոշակի Պետական Համակարգի» (CalSTRS) նոյնաբնոյթ դիրքորոշումը: Անոր մասին 16 Յունիս 2021_ին յայտարարուեցաւ Կլէնտելի Արցախի պողոտայկն մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Այդ ընթացքին ծերակուտական Փարանթինոն նոյն քայլին դիմելու կոչ յղեց CalPers-ին, որ իր կարգին արձագանգեց 18 Օգոստոսին։

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի աշխատանքին հետեւանքով ամերիկացի 7 քոնկրեսականներ, Քոնկրեսի հայկական հարցերու խումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոուն եւ Դաւիթ Վալաթաոն, նոյն խումբի անդամներ Ատամ Շիֆ, Անն Էշոուն, Ճիմ Քոստան, Ջուտի Չուն եւ Ճեյմս Մըք Գովերն շնորհաւորական ուղերձներ յղած են Արցախի Հանրապետութեան 30-ամեակին առիթով։

Քանատա

ՀՅԴ Հայ Դատի Քանատայի յանձնախումբը (ANCC) 27 Օգոստոսին՝ սոյն թուականի 20 Սեպտեմբերին նշանակուած դաշնային ընտրութիւններուն ընդառաջ, հրապարակած է իր քաղաքական առաջնահերթութիւններու տարեկան փաստաթուղթը: Քաղաքական առաջնահերթութիւններու փաստաթուղթը ռազմավարական դիրքորոշում ունի՝ լուծել Արցախի Հանրապետութեան մէջ առկայ հարցերը՝ շեշտը յատկապէս դնելով անցեալ տարուան ընթացքին ատրպէյճանաթրքական յարձակումի սարսափելի հետեւանքներուն վերացման վրայ:

Հայ Դատի Քանատայի յանձնախումբի քաղաքական առաջնահերթութիւնները կ’ընդգրկեն լայն ծաւալ՝ սկսեալ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումէն մինչեւ Երևանկ մէջ Քանատայի դեսպանատան բացում, Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի պահուող ռազմագերիներու անվտանգ վերադարձէն մինչեւ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ու տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւն:

Աւստրալիա

Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբի ջանքերով եւ Ֆետերալ ծերակուտականներ Էնտրիւ Պրեգի եւ Ժանէթ Ռայսի առաջնորդութեամբ, 19 Օգոստոսին «Արցախի աւստրալացի բարեկամներու» մշտապես աճող խումբին միացած են 16 նշանաւոր գործիչներ եւս՝ սատարելու Արցախի հայկական հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքը։

Կիպրոս

ՀՅԴ Հայ Դատի Կիպրոսի յանձնախումբը 3 Օգոստոսին նամակով դիմած է Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Նիկոս Քրիստոտուլիտեսին` յորդորելով դատապարտել Հայաստանի հիւսիսարեւելեան սահմանին Ատրպէյճանի զինուորական յարձակումը՝ նկատելով, որ ատրպէյճանաթրքական տանդեմի նպատակը Հայաստանն ու հայերը քարտէսի վրայէն վերացնելն է, որ որեւէ ձեւով հանդուրժելի չէ։

Օգոստոսի վերջը եւ Սեպտեմբերի սկիզբը Հայաստան այցելած է ՀՅԴ Հայ Դատի Կիպրոսի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը՝ ընկերակցությմեամբ Կիպրոսի մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար, Եւրոպական Խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Էլենի Թեոխարուսի։ Պատուիրակութիւնը եղած է Արցախկ մէջ, հանդիպում ունեցած է բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ եւ քննարկած է Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։ Երեւանի մէջ Թեոխարուսը ընդունած են ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրո Մանոյեան։ Զրուցակիցները քննարկած են Արցախի համար միջազգային օժանդակութիւն ապահովելու որոշակի ծրագիրներ։

Յունաստան

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիկոս Տենտիաս 3 Օգոստոսին արձագանգած է ՀՅԴ Հայ Դատի Յունաստանի յանձնախումբի բողոքին՝ Յունաստանի դեսպանին՝ Շուշի այցելութեան ատնչութեամբ։ Նախարար Տենտիաս ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբին ուղղուած նամակին մէջ նախ վերահաստատած է Յունաստանի եւ Հայաստանի միջև առկայ գերազանց յարաբերութիւնները։ Դեսպանին՝ Շուշի այցելութիւնը նախարարը պարզաբանած է անոր պաշտօնական լիազորութիւններու կատարումով եւ դեսպանընկալ պետութեան զարգացումներուն ծանօթանալու անհրաժեշտութեամբ։

25 Օգոստոսին ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ ՀԴՅ Հայ Դատի Յունաստանի յանձնախումբի նախագահ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան հանդիպած են ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, մեր ժողովուրդի մեծ բարեկամ Ռոպերթ Մենենտեսին։ ՀՅԴ Հայ Դատի ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնած են ծերակուտականին հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար ունեցած ներդրումին համար։ Հանդիպումի ընթացքին ի թիւս այլնի քննարկուած են յունահայ գաղութը յուզող հարցեր։

Հայկական Իրաւական Կեդրոն

Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական Իրաւական Կեդրոնը (ALC)`  գործակցաբար ՀՀ-ի մէջ գործող Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնին հետ, Օգոստոսի սկիզբը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ նոր գործեր ներկայացուցած է, որոնցմով Ատրպէյճանը մեղադրուած է հայ ռազմագերիներու եւ պատանդառութեան մէջ գտնուող անձերու մահուան համար։ ՄԻԵԴ ներկայացուած փաթեթին մէջ նշուած է` թիւով 19 անձեր, իրենց հայրենի բնակավայրերու մէջ մնացած քաղաքացիական մարդիկ, զինուորականներ, իրարմէ տարբեր 10 միջադէպերու հետեւանքով սպանած են , երբ գերութեան մէջ գտնուած ատրպէյճանական ուժերու կողմէ կամ ձերբակալուած են։ Դիմումները ներկայացուած են ականատեսներու ցուցմունքներուն, համացանցի մէջ տարածուած տեսաձայնագրութիւններու, դատաբժշկական փորձաքննութիւններու անհերքելի ապացոյցներով եւ փորձագիտական եզրակացութիւններով։