Ճարտարարուեստի Նախարար Ճորճ Պուչիքեանը Ճորճ Պուչիքեան ծնած է 10 Մայիս 1965-ին: Վկայուած է որակի եւ նորոգութեան մարտահրաւէրներու տնօրինման մարզին մէջ` Ճարտարարուեստի եւ արհեստագիտութեան տնօրինման Քանատայի հիմնարկէն: Մասնագիտացած է պաշտօններու արժեւորման, ծրագրաւորումի եւ արտադրութեան մարզի տնօրինման, ծախսերու նուազեցման եւ որակի պահպանման ընդմէջէն` արտադրողականութեան բարելաւումը ապահովելու, պիւտճէներու պատրաստութեան եւ գործարկումի ծախսերու քննութեան մարզերուն մէջ: Ճ. Պուչիքեան Այնճարի բարեկարգումի խորհուրդի նախագահն է: Ան անդամ է բժշկական սարքեր ներածող սենտիքայի տնօրէն խորհուրդին, Լիբանանեան- զուիցերիական առեւտուրի պալատին: Հիմնած է լիբանանեան բազմաթիւ յաջող ընկերութիւններ, որոնք նպաստած են Լիբանանի եւ միջինարեւելեան շուկաներուն մէջ միջազգային վաճառանիշերու մուտքը ապահովելու: Իր ղեկավարած հաստատութիւններն են` «Թեքնոլայն», «Թեքնոլայն օֆշոր», «Պիոտայամընտ Միտըլ Իսթ», «Մետթրէյտ Ֆարմասէոթիքըլ», «Սփէյս միթըր», «Աժտատ» եւ «Անշարժ գոյքերու Պուչիքեան» ընկերութիւնները: Կը տիրապետէ հինգ լեզուներու` հայերէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն: Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ: