«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ մէջ մշակուած է նոր ցամաքային կայան, որ պէտք է հետեւի ու կառավարէ տեղական արտադրութեան ինքնաթիռներու, անօդաչուներու, հրթիռներու ու հրթիռային համակարգերու աշխատանքը: «Mobil Telemetre» կոչուող կայանը ցուցադրուած է ԱՄՆ-ի մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցող «Satellite 2021» ցուցահանդէսին, ուր Թուրքիան ներկայացուցած է ռազմարդիւնաբերական եւ արբանեակային ճարտարագիտութեան ոլորտին մէջ գործունէութիւն ծաւալող «Profen» ընկերութիւններու խումբը:

«Mobil Telemetre» շարժական կայանը բաղկացած է ալեհաւաք համակարգէ եւ կառավարման վահանակէ: Կայանի ստեծման աշխատանքները սկսուել են 8 ամիս առաջ: Կ’ակնկալուի, որ ան շահագործման պիտի յանձնուի 2023 թուականին: Անոր առաջին պատուիրատուն Թուրքիոյ ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւնն է: Թրքական մամուլին համաձայն, կան նաեւ որոշ արտասահմանեան պատուիրատուներ, որոնց հետ տակաւին բանակցութիւն կ’ընթանան: