Հայաստան այցելած է Մեծն Բրիտանիոյ Միացեալ Թագաւորութեան Լորտերու պալատի անդամ, Հայաստանի եւ Արցախի բարեկամ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքս: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Հայաստանին ու Արցախին վերաբերող հարցեր, մանրամասն ներկայացուած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ոճրագործութիւնները:

«Իրենք շատ մանրամասնութիւններու ծանօթ չէին, բայց ամբողջութեամբ ընկալեցին մեր կեցուածքն ու դիրքորոշումը: ՀՅԴ Բիւրոն եւ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը կազմակերպած են խորհրդաժողով` միաւորելով աւելի քան 20 երկիրներէն Արցախի բարեկամներ, քաղաքական, ակադեմական, ազդեցիկ անձերու խորհրդաժողով, որոնք պատրաստ են Արցախի կարգավիճակի յստակացման, իրաւունքներու համար պայքար տանիլ աշխարհով մէկ: Խորհրդաժողովը Դեկտեմբերին է, որուն հրաւիրուած է նաեւ Քերոլայն Քօքսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը` իրեն ուղեկցող տարբեր կազմակերպութիւններու հետ»,- հանդիպումի ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-խաչատուրեան:

Ան դիտել տուաւ, որ հանդիպումի ընթացքին առանձնացուած են նաեւ այն ոլորտները, ուր Քերոլայն Քօքսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որպէս հայ ժողովուրդի բարեկամ, կրնայ օժանդակութիւն ցուցաբերել: Պարոնուհին ըսաւ` իրենք խիստ մտահոգուած են կատարուածով եւ եկած են` անձամբ տեսնելու այն, ինչ կատարուած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

«Մեր այցելութեան նպատակը մեր խոր մտահոգութիւնն է Արցախի եւ Հայաստանի մէջ կատարուածին առնչութեամբ, եւ մենք եկած ենք` մեր աչքերով տեսնելու, թէ ինչ կատարուած է , որովհետեւ սեփական աչքերով տեսնելը շատ տարբեր է որեւէ  մէկուն հաղորդագրութիւնները կարդալէն: Մեր այցելութեան ընթացքին հանդիպած ենք շատ տեղահանուածներու, որոնք անցած են դժոխքով, բայց խիզախ են: Մեր հանդիպումը կարեւոր էր` հասկնալու համար, թէ ինչո՞վ կրնանք օգնել Արցախին, եւ այս հարցով ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակը առաւելագոյնս օգնեց մեզի»,- yerkir.am-ի հետ հարցազրոյցին ըսաւ պարոնուհի Քերոլայն Քօքս:

Լորդերու պալատի անդամը յայտնեց նաեւ, որ Ատրպէյճրանի վայրագութիւնները իրենք պիտի վաւերագրեն եւ ներկայացնեն միջազգային ասպարէզի մէջ:

Պարոնուհին ըսաւ, որ այս անգամ, ցաւօք, Արցախ չի կրնար երթալ, բայց կարելիութեան պարագային սիրով պիտի այցելէ: