Երեքշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Մոսկուայի մէջ ռուս-սուրիական գագաթնաժողով մը գումարուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մասնակցութեամբ։ Գագաթնաժողովի ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան զարգացման միջոցներուն շուրջ։ Երկարատեւ ժողովէ մը ետք, երկու նախագահներուն միացան Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատ եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շուէյկօ։ Անոնք խորհրդակցեցան ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ ռուսական եւ սուրիական բանակներուն գործակցութեան, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու ազատագրման եւ սուրիական տագնապին քաղաքական լուծման շուրջ՝ շեշտելով քաղաքական լուծման անհրաժեշտութիւնը սուրիական կողմերուն միջեւ բախումները դադրեցնելու առանց արտաքին միջամտութիւններու։ Կողմերը խորհրդակցեցան նաեւ երկու երկիրներու տնտեսական գործակցութեան եւ տարածաշրջանային ու միջազգային գետնի վրայ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն շուրջ։