Այսօրուընէ ընթերցողը համացանցի վրայ կրնայ ընթերցել ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի սոյն թուականի 9-րդ թիւը: Պաշտօնաթերթի «առաջնորդող» ին մէջ յիշուած է, թէ այսուհետեւ մեզի համար Սեպտեմբերը կարեւոր պիտի համարուի Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան օրերուն, ինչպէս եւ 44-օրեայ ողբերգական պատերազմի սկզբի ամսաթիւերով: «Դրօշակ»ի սոյն թիւին հրապարակումները գլխաւորաբար կը վերաբերին այս պատմական իրադարձութիւններուն: Պատմաբան Էդիկ Մինասեանի ծաւալուն հրապարակումը անդրադարձ է Արցախի անցած ճանապարհին` սկսեալ 1988 թուականէն մինչեւ մեր օրերը: Քաղաքական, զինուորական եւ դիւանագիտական զարգացումներու մանրամասն վաւերագրմամբ համակողմանիօրէն կը ներկայացուի Արցախի մէջ եւ անոր շուրջ տեղի ունեցած հերոսական ու ողբերգական իրադարձութիւններով յագեցած 30-ամեայ գործընթացը: Հայկական երկրորդ պետութեան առնչուող ներկայ քաղաքական, դիւանագիտական գործընթացներու մէջ տարբեր երկիրներու՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը ներկայացնող միջնորդ կողմերու դիրքորոշումներն կը ներկայացուին ԵՊՀ Իրանագիտութեան ամպբիոնի աշխատակիցներ Լիանա Պետրոսեանն ու Արտեօմ Տօնոյեան: «Դրօշակ»ի այս թիւին էջ ներկայացուած են շարք մը այլ նիւթեր եւս, որոնք անդրադարձ են յօշոտուած եւ ճակատագրական փորձութեան առջեւ յայտնուած Արցախին: Այս եւ հետագայ քանի մը համարներու մէջ «Դրօշակ»ի պարտքն է համարի մէջ անդրադառնալու վերջին պատերազմին անմահացած հերոս տղոց մի փաղանգին: Վերլուծաբան Հրանտ Մելիք-Շահնազարեան կ’անդրադառնայ հայկական պետութիւններու անվտանգութեան ներկայ վիճակին եւ հեռանկարի յոյժ օրախնդիր թեմային: Ներկայացուած են շարք մը առաջարկներ: Պետականութիւններու նիւթին հետամուտ պատմաբան Անի Մելքոնեան կ’անդրադառնայ հայոց պետականութիւններու պատմութեան` մեզի յայտնի առաջին այդպիսի կազմաւորումներէն սկսեալ մինչեւ մեր օրեր: «Դրօշակ»ի էջ տեղ գտած են այլ հրապարակումներ եւս, որոնք կ’արժանանան ընթերցողի ուշադրութեան: