ՀՀ նախագահի լրատուական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախագահի հրամանագիրով` Արմէն Սարգսեան նշանակուած է Քաթարի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան: «Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկը` համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի առաջին մասի 2-րդ կէտին, ինչպէս նաեւ «դիւանագիտական ծառայութեան մասին» օրէնքի 14-րդ յօդուածի առաջին մասին. Արմէն Սարգսեան նշանակուած է Քաթարի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը` Տոհա)», ըսուած է նախագահի հրամանագիրին մէջ: