Չորեքշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ Արդիւնաբերութեան Նախարարութենէն աղբիւր մը «Ուաթան Անլայն»ին հաղորդեց, որ Սուրիա այցելած է այլընտրանքային ներուժի ոլորտին մէջ մասնագիտացած համաշխարհային ընկերութենէն պատուիրակութիւն մը։ Պատուիրակութիւնը սուրիացի ներդրողներու եւ արդիւնաբերողներու հետ պիտի սերտէ «Հասիա» արդիւնաբերական քաղաքին մէջ այլընտրանքային ներուժի վերաբերող ծրագիրներ իրագործելու կարելիութիւնը։ Նախապէս Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ առաջարկած էր այլընտրանքային ներուժի ծրագիրներ յառաջացնել ներկայ ելեկտրականութեան վատ պայմաններուն լոյսին տակ, ապա հանդիպում մը ունեցած էր «Ատրա» եւ «Հասիա» արդիւնաբերական շրջաններու արդիւնաբերողներու հետ եւ խորհրդակցած այլընտրանքային ներուժի ծրագիրները իրականացնելու շուրջ։