Ատրպէյճանի պաշտպանութեան փոխնախարար Քերիմ Վելիեւ, որ 13 Սեպտեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա մեկնած էր, հանդիպումներ ունեցած է Թուրքիոյ գլխաւոր շտապի երկրորդ ղեկավար, բանակի սպայ Սելճուք Պայրաքթար օղլուի եւ յատուկ նշանակութեան ուժերու հրամանատար Օմեր Էրտուղրուլ Էրպաքանի հետ:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած է ատրպէյճանա-թրքական կապերու զարգացումը, ռազմական եւ այլ ոլորտներու մէջ ծաւալող յաջող գործակցութեան շարունակութիւնը: Ընդգծուած է հետագային եւս միատեղ զօրավարժութիւններ կատարելու կարեւորութիւնը: