Առա­ջին ան­գամ չէ որ Երե­ւան կը գտն­ուիմ, ուս­տի զբօ­սաշր­ջի­կի հո­գե­բա­նու­թեամբ չէ որ կը թա­փա­ռիմ այս քա­ղա­քին մէջ, կամ նոր բան մը կ’ու­զեմ տես­նել հոս:  Այս ան­գամ­ուան քա­ղա­քի եռու­զե­ռը, սա­կայն, ապ­շեց­նող կը գտ­նեմ՝ թա­ղե­րը զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րով լե­ցուն են:
Եր­բեմն ինք­նա­շարժ­նե­րով խճող­ուած շա­րա­կար­գե­րը տես­նե­լով, կը կար­ծեմ թէ Լի­բա­նա­նի մէջ եմ, սա­կայն կը սթա­փիմ ու կը զար­մա­նամ ինք­նա­շար­ժի հան­դէպ տեղ­ւոյն ժո­ղո­վուր­դին ու­նե­ցած ան­հուն սի­րոյն ի տես, որուն ամէն քայ­լա­փո­խի կը ծա­նօ­թա­նամ ան­ցորդ­նե­րուն խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն:
Միայն ինք­նա­շարժ­նե­րը չեն այս քա­ղա­քը խճո­ղող­նե­րը: Այն­պէս ինչ­պէս պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն սուր­ի­ա­հա­յուն ապաս­տա­նը եղաւ հայ­րե­նի­քը ու ար­դէն անոնց­մէ ոմանք երե­ւան­ցի­ներ են, նոյն թա­փով այս ան­գամ ալ Լի­բա­նա­նէն հոսք մը կայ: Ան­յոյս հա­յը նոր յոյ­սի նշոյլ մը կը փնտ­ռէ հո՛ս՝ տն­տե­սա­կան իր ճգ­նա­ժա­մի դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րէն ձեր­բա­զա­տե­լու հե­ռան­կա­րով: Բայց չէ՞ որ Հա­յաս­տան­ցին ինք եւս դժ­գոհ է իր իրա­վի­ճա­կէն ու ար­տա­գաղ­թե­լու ել­քը մի­ակ մի­ջո­ցը կը գտ­նէ…, ուս­տի ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է լու­ծել այս հա­մե­մա­տու­թիւնը:
 Ներ­գաղ­թած բա­րե­կա­մուհիի մը հետ կը շր­ջիմ քա­ղա­քին թա­ղա­մա­սե­րը, ու ինք պար­տա­կա­նու­թիւն կը զգայ զիս ծա­նօ­թաց­նել որոշ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու, որոնք ին­ծի օգ­տա­կար կր­նան ըլ­լալ: Ճամ­բու եզ­րին ցոյց կու տայ այն ան­տա­ռը, որուն ծա­ռե­րը իրենց երի­տա­սարդ­նե­րը տն­կած են, երի­տա­սարդ­նե­րուն հետ մեծ­ցած են նա­եւ ծա­ռե­րը ու կը յու­շէ, որ «Հա­կա­ռակ այդ բո­լո­րին մենք աղ­բէր ենք տա­կա­ւին»: Մենք ա՞լ աղ­բէր կր­նանք մնալ միշտ: Սա­կայն կը հաս­տա­տէ, որ ար­դէն իրենք իրենց ճա­կա­տա­գի­րը կա­պած են այս երկ­րին իր լա­ւով ու վա­տով:
Շու­տով կը հրա­ւիր­ուիմ պսա­կի մը արա­րո­ղու­թեան: Պա­տե­րազ­մի թո­հու­բո­հէն փա­խած  սուր­ի­ա­հայ զոյ­գը որո­շած է հայ­րե­նի­քի մէջ իր նոր տու­նը կազ­մել:
Շա­բաթ մը ետք բաց հրա­ւէ­րով մը ներ­կայ կը գտն­ուիմ Կա­րօ Յո­վա­կիմ­եան Բա­րե­գոր­ծա­կան Հաս­տա­տու­թեան բաց­ման հան­դի­սու­թեան: Իրենց նա­հա­տակ զաւ­կին անու­նով հայ­րե­նա­դարձ Յո­վա­կիմ­եան ըն­տա­նի­քը, սու­գի պատ­մու­ճա­նը նե­տած, ապա­գայ հայ մա­նու­կին եւ հայ զի­նուո­րին ձեռք եր­կա­րե­լու որո­շում առած է նոյն գի­տակ­ցու­թեամբ տո­գոր­ուած խում­բի մը հետ: Անոնք իրենց պարտ­քը կ’ու­զեն տալ հայ զի­նուո­րին, բա­րեխ­նամ ձեռք եր­կա­րել վաղ­ուան  հա­յորդի­ին եւ նոր յոյս ներշն­չել անոնց:
Առա­ջին հեր­թին սահմռ­կած եմ իրենց քա­ջու­թե­նէն.  հա­ւատ­քով առն­ուած իրենց որո­շու­մը վա­րա­կած է շր­ջա­պա­տը ու անոնք կը շա­րու­նա­կեն նոյն ճամ­բով ըն­թա­նալ: Այս օրի­նա­կը տես­նե­լով ակա­մայ կը մտա­բե­րեմ սփիւռ­քա­հայ երի­տա­սար­դին հա­ւատքն ու դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը… ահա­ւա­սիկ օրի­նակ մը, որ վե­րըն­ձիւղ­ուած է հայ­րե­նի­քին մէջ ու նոր ճիւ­ղեր կ’ար­ձա­կէ:
 Բայց արդ­եօ՞ք պատ­նէշ դնող­ներ պի­տի ըլ­լան անոնց դէմ…
Երե­ւա­նը կ’եռայ իր սուր­ի­ա­հայ, լի­բա­նա­նա­հայ եւ այլ քա­ղա­քա­ցի­նե­րով ու իրենց հա­կա­սու­թիւն­նե­րով:
Զեփիւռ Պապիկեան-Աւագեան