ԼԻԱԶՕՐԱԳՐԵՐՈՒ  ՏԵՍԱԿՆԵՐԸ
Յաճախ շփոթ կը ստեղծուի դատական եւ նոտարական լիազօրագրերու միջեւ: Ի՞նչ են անոնց տարբերութիւնները եւ քանի՞ տեսակ են անոնք:
Լիազօրագրերու տեսակներն են.
ա.-Նոտարի մօտ ձեւակերպուած լիազօրագրեր
Օրինակ ընդհանուր կամ մասնակի իրաւասութիւններով լիազօրագրեր, առուծախի լիազօրագիր, վարչական գործերու կազմակերպման լիազօրագիր, ժառանգի հարցերու լիազօրագիր, եւ այլն:
բ.-Փաստաբանական պալատի (արհ.միութեան) ներկայացուցիչին մօտ ձեւակերպուած լիազօրագրեր, որոնք կը ձեւակերպուին դատական խնդիրներու հետապնդման նպատակով եւ ունին քանի մը տեսակներ:
գ.-Կրօնական հարցերու դատաւորին մօտ ձեւակերպուած լիազօրագրեր, ինչպէս կորսուածի կամ բացակայի վերաբերող լիազօրագրերը:
դ.-Դրամատնային լիազօրագրեր, որոնք կը վերաբերին միայն դրամատնային գործարքներու:
Լիազօրագիրը ի զօրու կը մնա՞յ լիազօրատիրոջ մահուան պարագային:
Ո՛չ, բոլոր լիազօրագրերը կը կորսնցնեն իրենց ուժը լիազօրատիրոջ մահուամբ, բացի այն լիազօրագրերէն, որոնք կը կրեն «ենթակայ չէ անջատման» նախադասութիւնը:
Իսկ ի՞նչ է կտակի լիազօրագիրը:
Կտակը լիազօրագիրի այն տեսակն է, որ յետ մահու գործադրելի կը դառնայ, սակայն հարկ է իմանալ, որ կարելի է որպէս կտակ ձգել ունեցուածքին միայն մէկ երրորդը:
Կարելի՞ է որեւէ կալուածի (տուն, խանութ, հողատարածք, գործարան, եւ այլն) շահագործումէն օգտուելու իրաւունքը ժառանգել:
Ոչ, կարելի չէ: Այս իրաւունքը կը վերաբերի, առանց կալուածին տէրը ըլլալու, տուեալ կալուածի բարիքներէն օգտուելու իրաւունքին, այսինքն` եթէ բերք է կ’օգտուի անոր պտուղներէն (հատապտուղ, բանջարեղէն, ցորեն, եւ այլն), իսկ եթէ կալուած է կրնայ վարձու տալ եւ օգտուիլ վարձքէն, սակայն բնաւ այլ իրաւունք չունենար, այսինքն` չի կրնայ ծախել, իսկ երբ օգտուողը կը մահանայ օգտուելու իրաւունքը կը վերադառնայ կալուածատիրոջ:
Ի՞նչ է տարբերութիւնը նուիրումին (      ) եւ վաճառքին միջեւ:
Նուիրումն (       ) ու վաճառքը նոյն հետեւանքները կ’ունենան տուեալ կալուածը հին սեփականատէրէն նորին փոխանցելու առումով:
Երկուքին պարագային ալ զիջողը կրնայ իրեն վերապահել նուիրած կալուածէն ցկեանս օգտուելու իրաւունքը       :
Իսկ տարբերութիւնը կը կայանայ կալուածը նոր կալուածատիրոջ անունին դառնալու գործարքի տուրքերուն մէջ, այսպէս.
-Վաճառքի պարագային պետութեան վճարուելիք տուրքը կալուածի գինին 1-3%-ն է, նուիրումի պարագային տուրքի գումարին 15 առ հազարը:
-Վաճառքի պարագային հարկ է 5.000.000 ս.ո. փոխանցել ծախողի դրամատնային հաշւոյն, նուիրումի պարագային այս պայմանը գոյութիւն չունի:
Բայց պէտք է իմանալ, որ նուիրումը կարելի է կատարել միայն ծնողներու, զաւակներու եւ ամուսիններու միջեւ:
Փաստաբան  Մարիա Գաբրիէլեան