Հա­յաս­տան-Սուր­իա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պատ­մա­կան են: Ինչ­պէս Հա­յաս­տա­նի ճգ­նա­ժա­մե­րուն Սուր­ի­ան օժան­դա­կած է Հա­յաս­տա­նին, փո­խա­դար­ձա­բար ալ Հա­յաս­տան իր քա­ղա­քա­կան դիր­քո­րո­շում­նե­րով տե­ւա­բար նե­ցուկ կանգ­նած է Սուր­իոյ, յատ­կա­պէս Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն դա­տա­պար­տե­լով ահա­բեկ­չա­կան ներ­խու­ժում­նե­րը Սուր­իա, քա­ղա­քա­կան հար­թակ­նե­րու վրայ պաշտ­պա­նե­լով Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դին իրա­ւունք­նե­րը եւ մար­դա­սի­րա­կան խում­բեր առա­քե­լով Սուր­իա՝ ակա­նա­զերծ­ման եւ բժշ­կա­կան այ­լա­զան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու հա­մար:
Հա­յաս­տանն ու Սուր­ի­ան ինչ­պէս քա­ղա­քա­կան, այն­պէս ալ տն­տե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցած են տա­րի­ներ շա­րու­նակ: Եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թիւնը սա­տա­րած է այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման:
Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խու­թե­նէն ետք, 1992-էն մին­չեւ 2010 Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Սուր­իոյ Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան մի­ջեւ ստո­րագր­ուած են առեւտ­րատն­տե­սա­կան, կր­թա­կան, ար­հես­տա­գի­տա­կան, ար­դիւ­նա­բե­րա­կան, մշա­կու­թա­յին գոր­ծակ­ցու­թեան շարք մը հա­մա­ձայ­նագ­րեր: «Օդա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մա­սին» հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ստո­րագր­ուած է 30 Ապ­րիլ 1995-ին, Դա­մաս­կոս:
Նախ­քան Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մը, Հա­լէ­պի շարք մը շու­կա­ներ կը հիւ­րըն­կա­լէ­ին հա­յաս­տան­ցի առեւտ­րա­կան­ներ, հա­յաս­տան­եան ար­տադ­րու­թիւն­ներ եւս կ’երե­ւէ­ին սուր­ի­ա­կան շու­կա­նե­րու մէջ: Եր­կու եր­կիր­նե­րուն մէջ ալ սուր­ի­ա­կան եւ հա­յաս­տան­եան ար­տադ­րու­թիւն­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս­ներ յա­ճախ կը կազ­մա­կերպ­ուէ­ին:
Տն­տե­սա­կան այս յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը նուա­զա­գոյ­նի հա­սան պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն, երբ սուր­ի­ա­կան օդա­նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ար­տա­քին թռիչք­նե­րը նուա­զե­ցան,  իսկ Հա­յաս­տան – Սուր­իա ցա­մա­քա­յին կա­պը խզ­ուե­ցաւ: Թէ­եւ Հա­յաս­տան-Սուր­իա տն­տե­սա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուրդ մը կը գոր­ծէր, ու որոշ սուր­ի­ա­հա­յեր պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն Երե­ւա­նի մէջ հիմ­նե­ցին գոր­ծա­րան­ներ, այդ­ուա­մե­նայ­նիւ եր­թե­ւե­կու­թեան եւ ապա­հո­վա­կան դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը ար­գելք կը հան­դի­սա­նա­յին տն­տե­սա­կան հարթ գոր­ծակ­ցու­թեան:
Դա­մաս­կոս-Երե­ւան թռիչ­քը կը բա­նէր պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն, սա­կայն Հա­լէպ-Երե­ւան թռիչ­քին վե­րա­կանգ­նու­մը շարք մը առա­ւե­լու­թիւն­ներ պի­տի ու­նե­նայ եր­կու եր­կիր­նե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեան աշ­խու­ժաց­ման իմաս­տով:
Հա­լէպ-Երե­ւան թռիչ­քը սուր­ի­ա­կան ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը հա­սա­նե­լի կր­նայ դարձ­նել ոչ միայն հա­յաս­տան­եան շու­կա­ներ, այ­լեւ ԵՏՄ-ի (Եւ­րաս­ի­ա­կան Տն­տե­սա­կան Միու­թեան) ան­դամ եր­կիր­նե­րու եւ նոյ­նիսկ անոնց ճամ­բով եւ­րո­պա­կան շու­կա­ներ:
Հա­լէ­պը Սուր­իոյ առեւտ­րատն­տե­սա­կան կեդ­րոնն է, նա­խա­պէս եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ առեւտ­րատն­տե­սա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թիւն­նե­րը կը ծա­ւա­լէ­ին Հա­լէ­պի օդա­կա­յա­նին մի­ջո­ցով: Ուս­տի օդա­յին ապ­րան­քա­փո­խա­նակ­ման աշ­խու­ժաց­ման հա­մար Հա­լէ­պի Մի­ջազ­գա­յին Օդա­կա­յա­նին բա­նե­ցու­մը դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն կր­նայ ու­նե­նալ եր­կու եր­կիր­նե­րու տն­տե­սա­կան յա­րա­բե­րութ­եան աշ­խու­ժաց­ման վրայ, յատ­կա­պէս երբ այս իմաս­տով նոր պայ­ման­նե­րու լոյ­սին տակ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ կը ստո­րագր­ուին եւ Սուր­իոյ առեւտ­րատն­տե­սա­կան  մար­զին մէջ նոր օրէնք­ներ կը սահ­ման­ուին՝ դիւ­րաց­նե­լու ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն մէջ ար­դիւ­նա­բե­րա­կան աշ­խա­տանքն ու առեւ­տու­րը: Այս իմաս­տով կա­րե­ւոր է նա­եւ Հա­լէ­պի ար­դիւ­նա­բե­րա­կան կեան­քի աշ­խու­ժաց­ման նպաս­տող ելեկտ­րա­կա­նու­թեան եւ վա­ռե­լա­նիւ­թի հայ­թայ­թու­մը, ինչ­պէս նա­եւ ար­դիւ­նա­բե­րող­նե­րու հա­մար քա­ջա­լե­րա­կան պայ­ման­նե­րու ստեղ­ծու­մը:
Հա­յաս­տան իր կար­գին կր­նայ իր ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը հասցնել Սուր­իա, յատ­կա­պէս օգտ­ուե­լով Հա­յաս­տան հաս­տատ­ուած մե­ծա­թիւ սուր­ի­ա­հա­յե­րու ներ­կա­յու­թե­նէն եւ Սուր­իա-Հա­յաս­տան տն­տե­սա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի գոր­ծակ­ցու­թե­նէն:
Օդա­յին այս հա­ղոր­դակ­ցու­թիւնը կր­նայ նոր աւիշ նե­րար­կել Երե­ւա­նին եւ  Հա­լէ­պին՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով եր­կու եր­կիր­նե­րու դի­մագ­րա­ւած տն­տե­սա­կան եւ ապա­հո­վա­կան դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը: