“Ազատութիւն”._ Հինգշաբթի 16 Սեպտեմբեր 2021_ին ՄԱԿ-ի գլխաւոր դատական մարմինը հաղորդած է, որ Հայաստանը Հաագայի Արդարադատութեան միջազգային դատարանը Ատրպէյճանի դէմ գործ հարուցած է՝ փոքրամասնութեան խտրականութեան բոլոր ձեւերը բացառող միջազգային միութեան խախտումներու մասին։ Հաագայի դատարանի հաղորդագրութեան համաձայն, դիմորդը պնդած է, որ «տասնամեակներ շարունակ Ատրպէյճանը փոքրամասնութեան խտրականութեան ենթարկած է հայերուն», եւ «պետութեան կողմէ հովանաւորուող հայատեաց այս քաղաքականութեան հետեւանքով հայերը ենթարկուած են հերթական խտրականութեան, զանգուածային սպանութիւններու, խոշտանգումներու եւ այլ նուաստացումներու»: «Այդ գործելակերպը հերթականօրէն յարուցուած է Սեպտեմբեր 2020_ին՝ Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումէն վերջ», ըսուած է հայցադիմումին մէջ: Պաշտօնական Երեւանը իր հայցին մէջ շեշտած է, որ նոյնիսկ զինուորական գործողութիւններու աւարտին եւ 10 Նոյեմբեր 2020_ին հրադադարը գործադրութեան տակ դրուելէն վերջ Ատրպէյճանը շարունակած է հայ գերիներու, պատանդներու եւ ձերբակալուած այլ անձերու սպանութիւնները, խոշտանգումներն ու միւս նուաստացումները: Հայաստանը Հաագայի դատարանէն պահանջած է «պատասխանատուութեան ենթարկել Ատրպէյճանին Ռասայական խտրականութեան բոլոր ձեւերը բացառող միջազգային միութեան խախտումներու համար, կանխարգիլել հետագայ վնասը եւ հատուցել արդէն պատճառուած վնասը», ինչպէս նաեւ «ծայրաստիճան հրատապութենէն» մեկնելով նախնական միջոցներ կիրառելու ցուցմունք տալ՝ «պաշտպանելու եւ պահպանելու Հայաստանի իրաւունքները եւ հայերու իրաւունքները հետագայ վնասէն, կանխելու այս վէճին սաստկացումը եւ ընդլայնումը»: