Եր­բեմն սա­տա­նան մեղ­քը իր լրու­մին հասց­նե­լու հա­մար հե­տեւ­եա­լը կը փսփ­սայ մար­դուն ական­ջին, այն­քան ատեն որ մեղ­քը սկ­սար, մին­չեւ վերջ  հա­ճոյ­քը ստա­ցիր, ի՞նչ կ’ար­ժէ մեղ­քը սկ­սիլ եւ ապա զրկ­ուիլ անոր հեշ­տան­քէն ու հա­ճոյ­քէն: Այս հաս­կա­ցո­ղու­թիւնը վտան­գա­ւոր է, որով­հե­տեւ Աս­տու­ծոյ զա­ւակ­նե­րուն չի՛ պատ­կա­նիր: Այն­պէս կը թուի, թէ մարդ կը բա­նակ­ցի Աս­տու­ծոյ հետ ըսե­լով, այն­քան ատեն որ մեղ­քը իմ հաշ­ւոյս գր­ուե­ցաւ, ու­րեմն ան­պայ­ման անոր փո­խա­րէն հա­ճոյ­քը պէտք է ստա­նամ: Բայց ի՞նչ հա­ճոյ­քի մա­սին է խօս­քը: Հա­ճո՞յք է ատի­կա, թէ՝ կայծ եւ կամ դառ­նու­թիւն:
Պէտք է գիտ­նանք, որ մեղ­քի հա­ճոյ­քին ան­պայ­մա­նօ­րէն դառ­նու­թիւնը պի­տի յա­ջոր­դէ եւ հա­ճոյ­քին հա­մար ալ ան­ձը գի­նը պի­տի վճա­րէ ար­ցուն­քով, յոգ­նու­թեամբ, տա­ժան­քով, հո­գե­ւոր պայ­քա­րով, հեծկլ­տան­քով, պա­հե­ցո­ղու­թ­եամբ եւ երկր­պա­գու­թիւն­նե­րով, զորս պի­տի կ’իրա­ռէ, որ­պէս­զի կա­րե­նայ հեշ­տան­քին ու հա­ճոյ­քին ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը վերց­նել, որոնք աղի­տա­լի պի­տի նկատ­ուին:
Բայց պէտք է գիտ­նալ նա­եւ, որ պա­հե­ցո­ղու­թիւնը, ար­ցուն­քը եւ երկր­պա­գու­թիւն­նե­րը չեն, որ կը քա­ւեն մեղ­քե­րը: Ո՛չ, որով­հե­տեւ մեղ­քը Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի արիւ­նով կը քաւ­ուի, մինչ պա­հե­ցո­ղու­թիւնը, ար­ցուն­քը եւ վե­րո­յիշ­եալ աստ­ուած­պաշ­տու­թեան կեր­պե­րը կ’օգ­նե՛ն ապաշ­խա­րու­թեան, որ­պէս­զի մար­դուս սիր­տէն ար­մա­տա­խիլ ըլ­լան կամ ջնջ­ուին մեղ­քի հետ­քե­րը:
«Եկէք վի­ճա­բա­նինք», կ’ըսէ մեր Տէ­րը Եսայիի մար­գա­րէ­ու­թեան մէջ Աստ­ուած իր ժո­ղո­վուր­դին կ’ըսէ. «Հի­մա եկէք վի­ճա­բա­նինք…» (Ես 1.18): Եկէք խօ­սինք որ­պէս­զի հաշտ­ուինք: Անոնք ըսին Աս­տու­ծոյ. «Ինչ­պէ՞ս հաշտ­ուինք, երբ կ’ըսե՛ս թէ մեր մեղ­քի գար­շա­հո­տու­թե­նէն կը զզ­ուիս»: Տէ­րը անոնց  պա­տաս­խա­նեց. «Ատի­կա կ’ան­հանգըս­տաց­նէ՞ ձեզ: Պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե՞ր պի­տի ընէք»: Անոնք ըսին. «Ահա դուն է, որ դու­ռը գո­ցե­ցիր»: Տէ­րը  պա­տաս­խա­նեց «Ո՛չ թէ գո­ցե­ցի, այլ եթէ ձեր մեղ­քե­րը կրկ­նա­կի կար­մի­րի պէս են, ձիւ­նի պէս պի­տի ճերմկ­նան» (Ես 1.18):
Տէր Աստ­ուած յս­տա­կօ­րէն կը յի­շեց­նէ, որ ինք դու­ռը չէ գո­ցած, այլ կ’ու­զէ արթնց­նել զի­րենք, որ­պէս­զի զգաս­տա­նան, ապաշ­խա­րեն եւ Տի­րոջ դառ­նան, եւ ինք պատ­րաստ է նե­րե­լու իրենց մեղ­քե­րը, եւ նոյ­նիսկ «եթէ որ­դան կար­մի­րի նման են, աս­րի պէս ճեր­մակ պի­տի ըլ­լան» (Ես 1.18): Եթէ ձեր վի­ճա­կը ճահ­ճա­նայ եւ նոյ­նիսկ կարմ­րա­գոյն ալ դառ­նայ, ես պատ­րաստ եմ զայն ձիւ­նի եւ աս­րի նման ճեր­մակ դարձ­նե­լու. միայն թէ եկէ՛ք լուաց­ուե­ցէ՛ք ու մաքր­ուե­ցէք: «Եթէ դուք յօ­ժա­րիք ու հնա­զան­դիք, երկ­րին բա­րի­քը պի­տի ու­տէք: Բայց եթէ զիս մեր­ժե­լով ապս­տամ­բիք, սու­րը պի­տի ու­տէ ձեզ: Վասն­զի Տի­րո­ջը բե­րա­նը խօ­սե­ցաւ ասի­կա» (Ես.1.19):
Ու՞ր ես, ո՛վ Դա­ւիթ
Աստ­ուա­ծա­շուն­չը կ’ըսէ. «Բայց Դա­ւի­թին այս ըրած բա­նը Տի­րո­ջը աչ­քե­րուն գէշ երե­ւե­ցաւ» (Բ.Թգ 11.27): Երբ Դա­ւիթ տա­կա­ւին իր թմ­բի­րին մէջ կը գտն­ուէր, Աստ­ուած անոր մօտ ղր­կեց Նա­թան մար­գա­րէն, որ այն­պէս ձե­ւա­ցուց, որ ան եկած էր թա­գա­ւո­րին կար­ծի­քը առ­նե­լու հար­ցի մը շուրջ, որ տե­ղի ու­նե­ցած է եր­կու մար­դոց մի­ջեւ ու ըսաւ. «Քա­ղա­քի մը մէջ եր­կու մար­դիկ կա­յին, մէ­կը՝ հա­րուստ ու միւ­սը՝ աղ­քատ: Հա­րուս­տը խիստ շատ հօ­տեր ու ար­ջառ­ներ ու­նէր, բայց աղ­քա­տը ու­րիշ բան մը չու­նէր, միայն էգ գառ­նուկ մը, որ ծա­խու առէր էր եւ կը սնու­ցա­նէր: Գառ­նու­կը անոր հետ եւ անոր տղո­ցը հետ մէկ­տեղ մեծ­ցաւ: Անոր պա­տա­ռէն կ’ու­տէր եւ անոր գա­ւա­թէն կը խմէր եւ անոր ծո­ցը կը պառ­կէր եւ անոր, աղջ­կան պէս էր: Ճամ­բորդ մը եկաւ այն հա­րուստ մար­դուն, ան ալ չու­զեց իր հօ­տե­րէն ու ար­ջառ­նե­րէն առ­նել ու իրեն եկող ճամ­բոր­դին կե­րա­կուր պատ­րաս­տել, գնաց այն աղ­քատ մար­դուն էգ գառ­նու­կը առաւ ու զա­նի­կա իրեն եկող մար­դուն հա­մար պատ­րաս­տեց»: Եւ նախ­քան Նա­թան Դա­ւի­թին դա­տավ­ճի­ռը հարց­նե­լը այդ կա­տար­ուա­ծին գծով, «Դա­ւի­թին բար­կու­թիւնը այն մար­դուն դէմ սաս­տիկ բոր­բո­քե­ցաւ ու Նա­թա­նին ըսաւ. Տէ­րը կեն­դա­նի է, ու այդ բա­նը ընող մար­դը մեռ­նե­լու ար­ժա­նի է: Այն գառ­նու­կին չո­րեք­պա­տի­կը պէտք է հա­տու­ցա­նէ, քան­զի այս բա­նը ըրաւ եւ գութ չու­նե­ցաւ» (Բ.Թգ 12.1-6):
Այն ժա­մա­նակ Նա­թան Դա­ւի­թին ըսաւ. «Այդ մար­դը դուն ես… Իս­րա­յէ­լի Տէր Աստ­ուա­ծը այս­պէս կ’ըսէ. «Քեզ Իս­րա­յէ­լի վրայ ե՛ս թա­գա­ւոր օծե­ցի եւ Սա­ւու­ղին ձեռ­քէն ե՛ս ազա­տե­ցի… ին­չու՞ հա­մար Տի­րոջ խօս­քը անար­գե­ցիր անոր աչ­քե­րուն առ­ջեւ չա­րու­թիւն ընե­լով եւ Ուր­իա­յին կի­նը քե­զի կին առիր ու զա­նի­կա Ամ­մո­նի որ­դի­նե­րուն սրո­վը սպան­նե­ցիր…քու տու­նէդ քե­զի դէմ չա­րիք մը պի­տի հա­նեմ…թէ­եւ դուն ծած­կա­բար ըրիր, բայց ես այս բա­նը բո­լոր Իս­րա­յէ­լի առ­ջեւ պի­տի ընեմ» (Ա.Թգ 12.7-12):
Թարգմանեց`
Լեւոն Վրդ. Եղիայեան