Շաբաթ, 18 Սեպտեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 10։30֊էն սկսեալ Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի շրջափակին մէջ Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն համադրմամբ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ.Առաջնորդարանը, գործակցաբար Հալէպի Առողջապահական Տնօրէնութեան հետ, կազմակերպեց covid-19-ի դէմ պատուաստումի արշաւ մը։ Նահանգային Խորհուրդի անդամ Մարիա Գաբրիէլեան ընգծեց, որ այս նախաձեռնութեամբ պիտի ջանան օգտակար դառնալ համայնքի զաւակներուն՝ դիւրացնելու պատուաստ ստանալու գործընթացը։ Ան յայտնեց, որ համայնքի զաւակներուն կողմէ կրկին պահանջք ներկայացուելու պարագային կարելի է երկրորդ արշաւ մըն ալ կազմակերպել։ Սոյն արշաւին պատասխանատու բժիշկներէն տոքթ. Միշէլ Սաղատէ դիտել տուաւ. « Այսօր մենք որպէս առողջապահական չորրորդ խմբակ ներկայ ենք այստեղ հայ համայնքի զաւակներուն օգտակար դառնալու։ Ապահոված ենք երեք տեսակի պատուաստներ, իւրաքանչիւրը իր փափաքին համաձայն կը ստանայ պատուաստը։ Կոչ կ՚ուղղեմ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, որ ականջ չտան այն տարաձայնութիւններուն, թէ պատուաստը ունի բացասական կողմեր։ Կ՚ուզեմ հաստատել, թէ այդպիսի բան գոյութիւն չունի։ Մենք նախքան իւրաքանչիւրին պատուաստումը տեղեկութիւններ կը փոխանցենք եւ խորհուրդ կուտանք, որ ճիշդ պատուաստը ընտրեն»։ Աւարտին, ան շնորհակալութիւն յատնեց կազմակերպիչ կողմին եւ Ճեմարանի տնօրԷնութեան, որոնք ժողովուրդին ապահովութեան համար առիթը ընծայեցին այս արշաւին իրագործման։ Արշաւին մասնակիցներուն այցելեց Հալէպի նահագապետական խորհուրդի քարտուղար Ճորճ Պախաշը։ Ան յայտնեց, որ այսօրուան արշաւը մեզի եւ մեր ժողովուրդին առողջութեան համար է։ Մեր նպատակն է իւրաքանչիւր քաղաքացի զերծ պահել համաճարակի ազդեցութենէն։ Ապա շնորհակալութիւն յատնեց Ազգային Առաջնորդարանին եւ Առողջապահութեան Տնօրէնութեան այս օգտաշատ նախաձեռնութեան համար։ Յիշենք, որ սոյն արշաւին պատուաստ ստացան մօտաւոր 70 հալէպահայեր։

Ժիրայր Կարապետեան