Աշխարհի վրայ բնակութիւն հաստատած իւրաքանչիւր անհատ ունի իրեն յատուկ, նուիրական դրօշը եւ կամ դրօշները, որոնց «պահապան հրեշտակը» կը նկատէ ինքզինք։ Այդ դրօշները անթիւ, անհամար ու մանաւանդ՝ բազմաբնոյթ են։ Անոնք մէկ օրուան սահմաններուն մէջ կարելի չէ ունենալ, որովհետեւ անոնց հանդէպ հաւատքն ու սէրը կամաց-կամաց կը կազմուին մարդուս մօտ։ Ճիշդ է, որ կան անձինք, որոնք մէկ կէտվայրկեանի, երկվայրկեանի, վայրկեանի եւ երբեմն օրուան մէջ կ՛որդեգրեն այդ դրօշները, սակայն անոնց զուգահեռ կան մարդիկ, որոնք երկար ժամանակամիջոցի մէջ կը հիւսեն իրենց իւրօրինակ ու յատկապէս՝ «սրտին խօսող» դրօշները։ Դրօշ ըսելով կը հասկնանք կեանքի բնաբանն ու կարգախօսը։ Ոմանք իրենց կեանքին իբրեւ դրօշ կ՛որդեգրեն արժանապատուութիւնը, պատիւը, ես-ը, դրամը, փառքը, ժամանցը, աշխարհասիրութիւնը եւ վայելքը, որոնց շուքին ներքեւ անոնք կը գտնեն իրենց հանգիստը, ապահովութիւնը եւ յատկապէս՝ «ուրախութիւնը»։ Իսկ անոնց զուգահեռ կան անձինք, որոնք իրենց կեանքին իբրեւ դրօշ կ՛որդեգրեն զԱստուած, Աստուածորդին, Աստուծոյ կենդանի Հոգին եւ քրիստոնէավայել կենցաղը։ Հեթանոսաց առաքեալը՝ Պօղոս իր կեանքին իբրեւ դրօշ ընտրած էր զԱստուած, որուն մասին յաճախ իր կողմէ հաստատուած եկեղեցիներուն ուղղուած թուղթերուն մէջ կ՛արտայայտուէր։ Զոր օրինակ, ան իր Փիլիպպեցիներուն ուղղած նամակին մէջ կ՛ըսէ. «Ինծի համար կեանքը Քրիստոս է» (Փլպ. 1. 21)։ Իսկ Գաղատացիներուն ուղղած իր թուղթին մէջ կ՛ըսէ. «Քաւ լիցի, որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենան» (Գղ. 6. 14)։ Ի մի բան՝ Առաքեալը իր կեանքին դրօշը ունէր Խաչեալը եւ Անոր սուրբ ու կենդանարար Խաչը։ Պօղոս առաքեալին սա խօսքերը մեզ կը հրաւիրեն Բարձրեալին դրօշակակիրները դառնալու։ Եթէ մենք ցօրս Տիրոջ դրօշակը չէինք շալկած, այս գրութիւնը առիթ մըն է զայն կրելու։ Չմոռնանք, որ Առաքեալն ալ իր կեանքի առաջին հանգրուանին կը կրէր բոլորովին տարբեր բնոյթ ունեցող դրօշակ մը։ Սակայն երբ Երկնառաքը՝ Քրիստոս անոր երեւցաւ (հմմտ. Գրծ. 9. 1-18), ան բովանդակապէս կերպարանափոխուեցաւ եւ իր աստուածահալած դրօշը գետին նետելով որդեգրեց աստուածատարած դրօշը։ Աստուծոյ դրօշակակիրները ըլլալու համար, պէտք է խնդրենք, որ Աստուածատուրը՝ Յիսուս մեզի երեւի եւ Իր այլակերպիչ զօրութեամբ Իր իսկ սուրբ աջով այդ դրօշը մեզի յանձնէ։

Շանթ Սրկ. Գատեհճեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սան Երեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2021 Հալէպ, Սուրիա