Գամիշլիի մօտակայ գիւղերէն «Ուըթուըթի» գիւղի Մար Շարպըլ ուխտավայրին մէջ 16-19 Սեպտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի Մասնաճիւղի տարեկան բանակումը, կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտ Խորհուրդին։ Բանակումի ընդհանուր խմբապետուհին էր քոյր Եւա Մանուկեան-Սելիմեան, իսկ օգնական՝ եղբայր Ռաֆֆի Օհանեան։ Բանակումին յայտագիրը ընդգրկեց մարզանք, դաշտային խաղեր, սկաուտական գիտելիքներու ուսուցում, երգի ուսուցում, քայլարշաւ եւ գիշերը խարոյկի շուրջ խրախճանք։ Կիրակի, 19 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7։00-ին տեղի ունեցաւ բանակումի խարուկահանդէսը, ներկայութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, պատկան մարմինի, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներու։ Հանդիսավար խմբապետուհի քոյր Եւա Մանուկեան-Սելիմեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄ-ականներու անմար յիշատակը, որմէ ետք հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները։ Այնուհետեւ բանակումի պատասխանատու կազմը բոցավառեց խարոյկը։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչական քոյր Անահիտ Սարգիսեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա անդրադարձաւ սկաուտական բանակումներու անհրաժեշտութեան, որպէս բիւրեղացում մասնաճիւղի միամեայ գործունէութեան։ Այնուհետեւ սկաուտները գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով յաջորդաբար ներկայացուցին ասմունք, լոզունքներ, ազգային երգեր՝ նուիրուած Արցախի ազատագրական պայքարին, շեշտելով որ «Շուշի»ն կը մնայ խորհրդանիշը աննահանջ երթի՝ դէպի արդար իրաւունքի նուաճում։ Ապա սկաուտները հայկական պարով, մարզական ներկայացումով ու բուրքերով խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին։ Գիւղի եկեղեցւոյ պատասխանատու տիար Ազիզ Սաումէ իր սրտի խօսքը արտասանելով գնահատեց կազմակերպիչ յանձնախումբն ու սկաուտներուն կարգապահութիւնը, յարատեւ վերելք մաղթելով ՀՄԸՄ-ին։ Ապա տեղի ունեցաւ նորագիրի, նորընծայի եւ Բ. կարգի վկայականաց բաշխում եւ աստիճանատուչութիւն։ Աւարտին հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ նախ գնահատեց ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի Մասնաճիւղի Վարչութիւնն ու Սկաուտ Խորհուրդին աշխատանքը, ապա խօսքը ուղղելով սկաուտներուն շնորհաւորեց զիրենք իրենց ստացած վկայականներուն ու աստիճաններուն առիթով, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ, հաստատելով, որ «Բարձրացի՛ր, բարցրաձո՛ւր» նշանաբանը որդեգրելով հայկական ակումբները մարդակերտումի ու հայակերտումի դարբնոց դարձած են։ Այս ակումբներուն մէջ հայ մանուկը հայութեամբ կը թրծուի եւ կը մեծնայ՝ պահելով եւ պահպանելով իր ազգային դիմագիծը։ Ապա սկաուտները խարոյկին շուրջ հաւաքուելով «Հրաժեշտի Երգ»ը երգեցին. իսկ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի միասնական կատարումով «Շուշի» բանակումը հասաւ իր աւարտին։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն