Ան­թիլ­ի­ա­սը հոն չէ՛,
Ան­թիլ­ի­ա­սը հո՛ս է,
Ձե­զի հետ է՝ դուք էք Ան­թիլ­ի­ա­սը։
Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ
Վեր­ջին ան­ցու­դար­ձե­րուն մա­սին իբ­րեւ դպ­րե­վա­նե­ցի եւ մա­նա­ւանդ՝ հա­յոր­դի չեմ կր­նար ներ­կա­յէն ան­ջատ­ուած, իրո­ղու­թիւն­նե­րուն ան­հա­ղորդ եւ յատ­կա­պէս՝ լուռ մնալ, որով­հե­տեւ ԱՆ­ԹԻԼ­Ի­Ա­Սը զիս այդ մէ­կը չսոր­վե­ցուց, չի սոր­վեց­ներ ու պի­տի չսոր­վեց­նէ։
Անթլ­ի­աս հայ ազ­գի պատ­մու­թեան բո­լոր, թէ՛ ու­րախ եւ թէ՛ տխուր էջե­րուն եւ մա­նա­ւանդ վեր­ջին 26 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, փաս­տեց իր ան­վի­ճե­լի ներ­կա­յու­թիւնն ու կա­րե­ւո­րու­թիւնը ազ­գիս հա­յոց կեան­քէն ներս։ Ան­թիլ­ի­ա­սը մի՛շտ ալ եղաւ ժո­ղո­վուր­դին հետ ու ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։ Ան տուաւ այն­պի­սի պտ­ղա­բեր ու կե­նա­բեր ծա­ռեր, որոնց պտուղ­նե­րուն բուր­մուն­քը հա­սաւ մին­չեւ ի ծագս երկ­րի։ Ան­թիլ­ի­ա­սը իբ­րեւ մար­դա­կերտ ու մար­դա­շէն կեդ­րոն շի­նեց այն­պի­սի գլ­խա­գիր մար­դիկ, որոնք հա­սան մեր ժո­ղո­վուր­դին իր ամէ­նէն ճգ­նա­ժա­մա­յին, ճա­կա­տագ­րա­կան ու կեն­սա­կան պա­հե­րուն։ Ան­թիլ­ի­ա­սը եր­բեմն տուաւ իր կա­րո­ղու­թե­նէն աւե­լի՛ն, չը­սե­լու հա­մար՝ ան­կա­րե­լին։ Ան միշտ եղաւ ու է նա­ւա­հան­գիս­տը եւ ովա­սի­սը մեր հայ ժո­ղո­վուր­դին։ Ան դա­րձաւ մեր ազ­գի յոյ­սի, հա­ւատ­քի, սի­րոյ, ու­րա­խութ-եան, ան­սա­սա­նու­թեան, յա­րա­տե­ւու­թեան, ոտ­քի մնա­լու, աստ­ուա­ծա­մեր­ձու­թեան եւ նուի­րու­մի լապ­տե­րը։ Ահա­ւա­սիկ ա՛յս է Ան­թիլ­ի­ա­սը եւ ա՛յս Ան­թիլ­ի­ա­սա­կա­նը։
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Ամե­նայն Հա­յոց Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Վե­հա­փայլ Հայ­րա­պե­տը, Իր գա­հա­կա­լու­թեան տա­րի­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս՝ անց­նող քա­նի մը օրե­րուն ըն­թաց­քին, ար­ժա­նա­պէս փաս­տեց ու վա­ւե­րա­ցուց վե­րեւ ար­ձա­նագ-ր­ուած­նե­րուն ան­վի­ճե­լի ու ան­սա­կար­կե­լի իրա­կա­նու­թիւնը ըլ­լա­լը։ Այս­տեղ կþու­զեմ մէջ­բե­րել ակա­նա­տե­սի մը՝ Դպ­րե­վան­քի ներ­կայ տե­սուչ՝ հոգշ. Տ. Պա­րոյր Վրդ. Շէր­նէզ­եա­նի խօս­քը, որուն մի­ջո­ցաւ ցոյց կը տր­ուի Ան­թիլ­ի­ա­սա­կա­նին ճշ­մա­րիտ ու ճշգ­րիտ նկա­րագ­րին անա­րատ պատ­կե­րը. «Պիք­ֆա­յա­յի վե­հա­րա­նին գրա­սեն­եա­կին լու­սա­մու­տը միշտ բաց է, իսկ լոյ­սը՝ վառ։ Անձ­նա­պէս չեմ գի­տեր ե՞րբ եւ ո՞ր ժա­մուն կը մա­րի։ Սա­կայն գի­տեմ, որ այդ սեն­եա­կէն ներս տագ­նա­պը կþեռայ, որ­պէս­զի ձայն դառ­նայ, իսկ ձայ­նը՝ պատ­գամ, պատ­գամն ալ՝ յոյս»։
Աւուրս յայս­միկ, լի­բա­նա­նա­հա­յու­թիւնը կþապ­րի իր պատ­մու­թեան ամէ­նէն փո­թոր­կա­լից, ալե­կո­ծա­լի, տա­ռա­պան­քա­հոն ու սե­ւա­գոյն օրե­րը։ Սա­կայն այդ մէ­կը թոյլ չտ­ուաւ, որ ԱՆ­ԹԻԼ­Ի­Ա­Սը՝ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւնը լուռ մնայ, որով­հե­տեւ Ան­թիլ­ի­ա­սի բա­ռա­րա­նին մէջ «լուռ» բա­ռը չգոյ է։ Ան­թիլ­ի­ա­սը մի՛շտ ալ ու­նի ընե­լիք եւ խօ­սե­լիք։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռով, Կի­լիկ­իոյ Ս. Աթո­ռին ար­ժա­նըն­տիր գա­հա­կա­լը անց­եալ Կի­րա­կի Լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան սր­տէն՝ Պուրճ Համ­մու­տէն ազ­գիս հա­յոց ըսաւ. «Ան­թիլ­ի­ա­սը հոն չէ՛, Ան­թիլ­ի­ա­սը հո՛ս է, ձե­զի հե՛տ է՝ դո՛ւք էք Ան­թիլ­ի­ա­սը»։ Այո՛, Ան­թիլ­ի­ա­սը միշտ հո՛ս է, ձեր կող­քին, ձեր հետ քա­լեց, կը քա­լէ ու պի­տի քա­լէ։ Ա՛յս է Ան­թիլ­ի­ա­սին եւ Ան­թիլ­ի­ա­սա­կա­նին բիւ­րեղ, անօ­րի­նակ եւ բարձ­րո­րակ նկա­րա­գի­րը։
Հե­տե­ւա­բար, սի­րե­լի ըն­թեր­ցող, պահ մը մէկ­դի դիր ամէն ինչ եւ ին­ծի աղօ­թա­կից եղիր ըսե­լով. «Ո՜վ Ամե­նա­կա­րող, Ամե­նա­կալ ու Ամէ­նա­գէտն Աստ­ուած, քե­զի կը բարձ­րաց­նեմ ձեռ­քերս խնդ­րե­լով, որ ան­սա­սան պա­հես Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւնը եւ անոր Վե­հա­փայլ Հայ­րա­պե­տը, որ­պէս­զի անոնք շա­րու­նա­կեն իրենց ծա­ռա­յու­թեան լու­ման դնել մեր ազ­գի գան­ձա­նա­կին մէջ եւ շա­րու­նա­կեն աշ­խա­տիլ ազ­գիս հա­յոց բա­րօ­րութ-եան ու բա­րե­լաւ­ման հա­մար»։
Շանթ Սրկ. Գա­տեհճ­եան
Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան
Դպ­րե­վան­քի աւար­տա­կան դա­սա­րա­նի սան