Կի­րա­կի 19 Սեպ­տեմ­բեր 2021-ի առա­ւօ­տուն, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի բո­լոր շր­ջան­նե­րէն ներս Սուրբ եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խու­թեան հռ­չակ­ման 30-րդ ամ­եա­կին առի­թով Հան­րա­պե­տա­կան մաղ­թանք եւ եռա­գոյն դրօ­շի օրհ­նու­թիւն կա­տար­ուե­ցաւ:
Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Սրբ. Եպս. Զօպ­ու­եան հան­դի­սա­պե­տեց Հա­լէ­պի Սրբ. Քա­ռաս­նից Ման­կանց Մայր եկե­ղեց­ւոյ Սուրբ եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գը, գլ­խա­ւո­րեց Հան­րա­պե­տա­կան մաղ­թան­քի եւ եռա­գոյն դրօ­շի օրհ­նու­թեան արա­րո­ղա­կար­գը եւ հա­ւա­տաց­եալ­նե­րուն ուղ­ղեց իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը: Ներ­կայ էին Ազգ. Վար­չու­թեան ան­դամ­ներ եւ անոնց ատե­նա­պետ տի­ար Ճորճ Շա­հին­եան, Թե­մի եկե­ղե­ցի­նե­րու թա­ղա­կան խոր­հուրդ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հա­ւա­տաց­եալ ժո­ղո­վուր­դը:
Օր­ուան պա­տա­րա­գիչն էր Արժ. Տ. Խո­րէն քհնյ. Պէր­թիզլ­եան:
Պա­տա­րա­գի հո­գե­պա­րար շա­րա­կան­նե­րը հն­չե­ցին եկե­ղեց­ւոյ դպ­րաց դա­սին եր­գե­ցո­ղու­թեամբ, դպ­րա­պետ բարշ. Սար­գիս սրկ. Սար­գիս­եա­նի գլ­խա­ւո­րու­թեամբ:
Սր­բա­զան Հայ­րը գլ­խա­ւո­րեց Հան­րա­պե­տա­կան մաղ­թան­քի արա­րո­ղա­կար­գը եւ սուրբ խա­չով օրհ­նեց եռա­գոյն դրօ­շը։ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի հզօ­րաց­ման հա­մար ար­տա­սան­ուե­ցան աղօթք­ներ, սուրբ գրա­յին ըն­թեր­ցում­ներ եւ հն­չե­ցին հո­գե­թով շա­րա­կան­ներ։
Հիմն­ուե­լով օր­ուան աւե­տա­րա­նա­կան հա­մա­րին վրայ (Մր 10.1-12), Սր­բա­զան Հայ­րը իր պատ­գա­մին մէջ լու­սար­ձա­կի տակ առաւ ամուս­նու­թիւնն ու ըն­տա­նի­քին կա­րե­ւո­րու­թիւնը։ Աստ­ուա­ծա­շուն­չէն մէջ­բե­րում­ներ կա­տա­րե­լով ան անդ­րա­դար­ձաւ ամուս­նա­կան կեան­քի սր­բու­թեան եւ այրկին միու­թեան։ Ան յայտ­նեց, թէ ամուս­նու­թիւնը կը հիմն­ուի զո­հո­ղու­թեան, համ­բե­րու­թեան, նե­րո­ղամ­տու­թեան եւ փո­խա­դարձ յար­գան­քի վրայ։ «Ամուս­նու­թիւնը աստ­ուա­ծա­յին սուրբ կա­ռոյց մըն է, որուն գլու­խը Աստ­ուած Ինք է», հաս­տա­տեց ան։ Ապա, Սր­բա­զան Հայ­րը անդ­րա­դար­ձաւ ամուս­նա­լուծ­ման տխուր պատ­կե­րին, յայտ­նե­լով, որ ամուս­նու­թիւնը սուրբ խո­րա­նին առ­ջեւ տր­ուած ցմահ ուխտ մըն է, որ ամուս­նա­ցող­նե­րը գի­տակ­ցու­թեամբ պէտք է պա­հեն իրենց ողջ կեան­քի ըն­թաց­քին։
Սր­բա­զան Հայ­րը նշեց, թէ այն­պէս ինչ­պէս ամուս­նու­թիւնը ուխտ մըն է, նա­եւ մենք ու­նինք ազ­գա­յին ուխտ մը, զոր մկր­տու­թեան ժա­մա­նակ կը ստա­նանք, պա­հե­լու հա­մար մեր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը։
Ան նշեց, թէ երբ ազ­գի մը ըն­տա­նիք­նե­րը քայ­քայ­ուած են՝ հայ­րե­նի­քը վտանգ­ուած կ’ըլ­լայ։ Հե­տե­ւա­բար ան հրա­ւի­րեց ծնող­նե­րը եւ նո­րապ­սակ զոյ­գե­րը, որ­պէս­զի աշ­խար­հի տա­րաբ­նոյթ եւ մո­լո­րե­ցու­ցիչ ձայ­նե­րուն մէջ լսեն եւ ընտ­րեն Աս­տու­ծոյ ճշ­մա­րիտ ձայ­նը եւ անով պահ­պա­նեն իրենց ըն­տա­նիք­նե­րու բա­րո­յա­կան սկզ­բունք­նե­րը, որոնք հիմ­քը կը կազ­մեն մեր ազ­գի հզօ­րաց­ման:
Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տութ­եան Վե­րան­կա­խու­թեան 30-րդ տա­րե­դար­ձին առի­թով, Սր­բա­զան Հայ­րը Սուրբ Խո­րա­նէն ուխ­տեց տէր դառ­նալ մեր հայ­րե­նի­քի ան­կա­խութ­եան եւ ազա­տու­թեան, որոնք կ’իրա­կա­նա­նան արիւ­նով, հա­ւատ­քով, կեց­ուած­քով եւ յանձ­նա­ռու­թեամբ:
Սր­բա­զան Հայ­րը կա­րե­ւո­րեց սփիւռ­քա­հա­յու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նութ­եան գոր­ծըն­թա­ցին մէջ, յայտ­նե­լով, որ երբ տա­րագր­ուե­ցանք եւ զրկ­ուե­ցանք մեր հայ­րե­նի­քէն, առա­ւել զգա­ցինք անոր ար­ժէ­քը եւ պա­հե­լով հա­յե­րէն լե­զուն, հայ դպ­րո­ցը, հայ եկե­ղե­ցին եւ հայ ակում­բը, ի պա­հանջ­եալ հար­կին սփիւռ­քա­հայ եւ սուր­ի­ա­հայ մեր երի­տա­սարդ­նե­րը իրենց կեան­քե­րը նուի­րա­բե­րե­ցին Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ազա­տագ­րու­թեան հա­մար:
Աւար­տին, Սր­բա­զան Հայ­րը աղօթք բարձ­րա­ցուց առ ամե­նա­բա­րին Աստ­ուած, հայ­ցե­լով, որ Ամե­նա­կա­լը պա­հէ մեր հայ­րե­նի­քը՝ Հա­յաս­տա­նը, Ար­ցա­խը, սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քը եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը:
Պա­տա­րա­գէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ Հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թիւն։