Դրամ, դրամ, դրամ… Աշ­խար­հի բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը կ’աշ­խա­տին անոր տի­րա­նա­լու հա­մար, գեր­պե­տու­թիւն­նե­րը բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ կը հաս­տա­տեն անոր հի­ման վրայ:
Գի­տէ՞ք նա­եւ, որ մեզ­մէ շա­տեր կը կառ­չին դրա­մին առն­չուող շարք մը ժո­ղովր­դա­յին սնա­հա­ւա­տու­թիւն­նե­րու: Եկէ՛ք վեր­յի­շենք, բայց չհա­ւա­տանք անոնց.
-Եթէ փո­ղո­ցը դրամ տես­նէք, ան­պայ­ման պէտք է վերց­նէք զայն, այ­լա­պէս դրա­մին նկատ­մամբ ար­հա­մար­հանք դր­սե­ւո­րած կ’ըլ­լաք:
-Տան մէջ հարկ է միայն մէկ աւել ու­նե­նալ, այ­լա­պէս այդ տան եկա­մու­տը արագ կը սպա­ռի:
-Հա­ցը եւ աղը եր­բեք չտաք ու­րի­շին: Կ’ըս­ուի, թէ այդ մթերք­նե­րուն հետ տու­նէն կը պակ­սի դրա­մը, կը նուա­զի տան համն ու հո­տը:
-Մայ­րա­մու­տի ժա­մե­րուն  մաք­րու­թիւն չը­նէք, որով­հե­տեւ անի­կա մե­ծա­գու­մար նիւ­թա­կան կո­րուս­տի պատ­ճառ կր­նայ դառ­նալ:
-Ձեր պա­յու­սակ­նե­րը եր­բեք գե­տին մի՛ դնէք, իսկ դա­նա­կը եր­բեք՝ հա­ցա­մա­նին մէջ, որ­պէս­զի աղ­քա­տու­թիւնը ձեր դու­ռը չթա­կէ:
-Դրա­մը մի՛ հաշ­ուէք երե­կոյ­եան, մայ­րա­մու­տէն ետք: Այս գոր­ծո­ղու­թիւնը ան­յա­ջո­ղու­թեան կը  հասց­նէ ձեզ:
-Եւ վեր­ջա­պէս եր­բեք մի՛ նա­խան­ձիք անոնց, որոնք  մե­ծա­հա­րուստ են, մե­ծա­գու­մար դրա­մը, մեծ հո­գե­րով կը բերց­նէ ձեր միտքն ու հո­գին:
Կեան­քը, սի­րե­լի­նե՛ր, միայն նիւ­թե­ղէն ար­ժէք­նե­րով չի գե­ղեց­կա­նար, հո­գե­կան հարս­տու­թիւնը, առող­ջու­թիւնն ու ներ­քին խա­ղա­ղու­թիւնը ձեր նե­րաշ­խար­հը հարս­տաց­նող գե­ղեց­կա­գոյն զար­դերն են:
Ժո­ղովր­դա­յին առա­ծը կ’ըսէ նա­եւ.
«Դրա­մը ար­մատն է ամէն չա­րի­քի»:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան