«Երկիր».- «Ինթըրֆաքս-Ատրպէյճան» հաղորդած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բացառած է Արցախի հայերուն որեւէ ինքնավարութիւն տրամադրելու կարելիութիւն:

«Ինչ կը վերաբերի ինքնավարութեան մասին խօսակցութիւններուն,  ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները լաւ գիտեն Ատրպէյճանի դիրքորոշումը: Ժամանակին մենք կ’առաջարկէինք հայերուն  որոշակի  ինքնակառավարութիւն տրամադրել, սակայն անոնք անընդհատ կը մերժէին այդ տարբերակը: Անոնք կը  խօսէին միայն «անկախութեան» մասին: Իսկ հիմա, երբ հակամարտութիւն կայ, անոնք ինքնավարութեան հարց կը բարձրացնեն: Բայց մեր օրակարգը չի ներառեր անոնց որեւէ ինքնավարութեան տրամադրում», ֆրանսական France 24 պատկերասփիւռին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Ալիեւ:

Ան կրկին հաստատած է իր դիրքորոշումը, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կը համարէ աւարտած: «Հակամարտութիւնը լուծուած է, սա իմ դիրքորոշումն է, իրականութիւնը ցոյց կու տայ, որ այս դիրքորոշումը ճիշդ է: Հետեւաբար, որեւէ յայտարարութիւն հակամարտութեան լուծուած չըլլալուն մասին, ոչ միայն անտեղի է, այլեւ շատ վտանգաւոր: Եթէ հակամարտութիւնը լուծուած չէ, ուրեմն թող ձեզի ըսեն, թէ ինչպէս պէտք է լուծուի…»:

Միաժամանակ, Ալիեւ ըսած է, որ ինք երբեք «որեւէ տարածքային պահանջ չէ ունեցած Հայաստանի նկատմամբ», եւ անմիջապէս Զանգեզուրը անուանած է «պատմական հող» ու «Ատրպէյճանի անբաժանելի մաս»: «Ես վստահ եմ, որ մենք կը վերադառնանք հոն: Ես արդէն ըսած եմ, որ մենք հոն պիտի չերթանք հրասայլերով, այլ ոտքով, մեքենաներով եւ ինքնաթիռներով: Եթէ իրավիճակի կարգաւորումէն վերջ խաղաղութեան համաձայնութիւն ձեռք բերուի, ինչո՞ւ չվերադառնալ: Սա մեր օրինական իրաւունքն է»: