Քառասունչորսօրեայ պատերազմի առաջին տարելիցէն ընդամէնը օրեր առաջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրկին բախեցան իրարու, այս անգամ անարիւն ճակատումով՝ տեսանիւթերով, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Գլխաւոր Խորհուրդին մէջ, Նիւ Եորք:
Իմ կարծիքով, թէ՛ Ալիեւ, թէ՛ Փաշինեան սխալ գործեցին՝ անձամբ չներկայանալով ՄԱԿ-ի հանդիպման: Խնդիրը սոսկ ելոյթը չէ, որ անոնք ունեցան տեսանիւթով, այլ անոնց բացակայութիւնը աշխարհի տարբեր ծայրերէն մօտաւորապէս 200 ղեկավարներու միջազգային կարեւոր հաւաքէն: Այս կարեւոր կարելիութիւն էր, յատկապէս Հայաստանի վարչապետին համար, մասնաւոր եւ հանրային միջավայրի մէջ հաղորդակցութիւն ունենալու այդ ղեկավարներէն շատերու հետ՝ անոնց փոխանցելու համար Հայաստանի բողոքները եւ հրապարակելու անցեալ տարուան պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի կատարած դաժան խախտումները:
Բարեբախտաբար, Փաշինեան ՄԱԿ ղրկած էր արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, որ քանի մը կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ բազմաթիւ երկիրներու իր գործընկերներուն հետ, որոնց շարքին՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին, Մինսքի խումբի համանախագահներուն եւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին հետ:
Մինչ Հայաստան եւ Ատրպէյճան ՄԱԿ-ի մէջ ներկայացուած չէին իրենց պետութիւններու ղեկավարներու մակարդակով, խելամտօրէն Թուրքիան կը ներկայացնէին նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանն ու արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, որոնք օգտուելով առիթէն հանդիպումներ ունեցան տասնեակ պետութիւններու ղեկավարներու հետ եւ բացին ՄԱԿ-ի կեդրոնին դիմաց գտնուող թրքական կեդրոնի բարձրայարկ շէնքը, ուր ներկայ էին բարձրաստիճան բազմաթիւ պաշտօնեաներ եւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ: Էրտողանի միակ անյաջողութիւնը՝ նախագահ Պայտընի մերժումն էր՝ ՄԱԿ-ի մէջ Էրտողանի հետ հանդիպում ունենալու։
Անդրադառնալով ելոյթներուն՝ 23 Սեպտեմբերին Ալիեւ հանդէս եկաւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Խորհուրդի մէջ՝ 38 վայրկեան տեւողութեամբ ելոյթ ունենալով տեսանիւթով մը, անգլերէն լեզուով։ Փաշինեանի տեսանիւթը շատ աւելի կարճ էր՝ նուազ քան 12 վայրկեան: Ալիեւի երկարաշունչ ելոյթը պայման չէր, որ լաւ ըլլար։ Ան, հաւանաբար, չափազանց ձանձրացուց Գլխաւոր Խորհուրդի բարձրաստիճան հիւրերը, որոնք ամէն օր անընդմէջ ելոյթներ կը լսէին: Թէեւ Ալիեւի համար խելացի գործ էր անգլերէն խօսիլը, սակայն Փաշինեան, հակառակ անգլերէն գիտնալուն, նախընտրեց խօսիլ հայերէնով, ինչ որ կը նշանակէ, որ ներկաները պէտք է անոր խօսքին թարգմանութիւնը լսէին ականջակալներու միջոցով, բան մը, որ հաղորդակցութեան լաւագոյն միջոց մը չէր։ Այդուամենայնիւ, Փաշինեան իր ելոյթը կարդալու համար խելամտօրէն օգտագործեց հեռայուշարարը, որ շատ աւելի հետաքրքրական դարձուց դիտումը՝ ի տարբերութիւն Ալիեւի, որ ամբողջ ժամանակ կը նայէր վար, իր առջեւ դրուած թուղթը կարդալու համար: Այս իրողութիւնը դրդիչ պատճառ դարձաւ ոչ հայ անձնաւորութեան մը, որ հեգնանքով մեկնաբանութիւն մը գրէ YouTubeի մէջ, Ալիեւի ելոյթի տեսագրութեան տակ. «Ի՞նչ եղաւ Ալիեւի նաւթատոլարներուն: Միթէ ան կարողութիւն չունէ՞ր հեռայուշարար մը գնելու»:
Իր երկարաշունչ ելոյթին մէջ Ալիեւը տասնեակ մը սուտեր ըսաւ, այսպէս.
1) Հայաստանն էր, այլ ոչ թէ Ատրպէյճանը, որ սկսաւ անցեալ տարուան սեպտեմբերեան պատերազմը: Ալիեւ, հաւանաբար, մոռցած էր, որ նախապէս հպարտութեամբ խոստովանած էր, որ ինք սկսած է պատերազմը: Ան նաեւ մեղադրեց Հայաստանը Յուլիս 2020-ին Ատրպէյճանի վրայ յարձակում սկսելու մէջ: Հայաստան, սակայն, պատճառ մը չունէր սկսելու պատերազմ, ո՛չ Յուլիս 2020-ին, ոչ ալ Սեպտեմբերին:
2) Ալիեւ յիշատակեց 12-րդ դարու բանաստեղծ Նիզամի Գանճաւին՝ իբրեւ «ատրպէյճանցի մեծ բանաստեղծ»: Գանճաւի, իրականութեան մէջ, ոչ թէ ատրպէյճանցի, այլ պարսիկ է (տե՛ս Ուիքիփետիայի բազմաթիւ աղբիւրներ): 12-րդ դարուն Ատրպէյճան գոյութիւն իսկ չունէր: Գանճաւի ծնած է Գեանջա (հայերէն՝ Գանձակ), որ այդ ժամանակ «խիտ բնակեցուած էր իրանցիներով եւ փոքր թիւ մը քրիստոնեաներով», ըստ հայ պատմաբան Կիրակոս Գանձակեցիի (1200-1271):
3) Ալիեւ յերիւրանքով Ատրպէյճանը բնութագրեց՝ «իբրեւ օրինակ հանդուրժողականութեան եւ խաղաղ համակեցութեան՝ զանազան կրօններու պատկանող եւ ցեղային խումբերու ներկայացուցիչներով բնակուած մեր երկիրը»: Ընդհակառակն. Ատրպէյճան շատ անհանդուրժող ու բռնապետական երկիր է: Անոր պատմութիւնը լեցուն է բազմաթիւ հայերու կոտորածներով: Այդուամենայնիւ, Ալիեւ անամօթաբար մեղադրեց Հայաստանը՝ «Ցեղասպանութիւն, ցեղային զտումներ եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ իրականացնելու մէջ…»։
4) Ալիեւ նաեւ մեղադրեց Հայաստանը՝ «միջազգային իրաւունքի, ներառեալ ժընեւեան համաձայնագրի կոպիտ խախտման» մէջ: Ատրպէյճանի սեփական խախտումներուն եւ յանցագործութիւններուն ճշգրիտ նկարագրութիւնն է այս: Ան խաբէութեամբ կը պնդէր, որ Հայաստան «սպիտակ ֆոսֆոր եւ քասեթային ռումբեր» օգտագործած եւ յարձակած է խաղաղ բնակիչներու վրայ: Անգամ մը եւս Ալիեւ կը նկարագրէր՝ Ատրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուած պատերազմական յանցագործութիւնները՝ ընդդէմ հայ խաղաղ բնակիչներու, հիւանդանոցներու եւ եկեղեցիներու:
5) Ալիեւ նաեւ յայտարարեց, որ Հայաստան հաւաքած է «վարձկաններ եւ օտարերկրեայ մարտիկներ արտերկրէն»: Ինչպէս յայտնի է, ասիկա նոյնն է, ինչ ըրած է Ատրպէյճան:
6) Ալիեւ ստեց նաեւ այն մասին, որ հայերը մասնակցած են «քաղաքներու եւ գիւղերու ամբողջական ոչնչացման, ներառեալ ատրպէյճանական ժողովուրդի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը»: Ճշմարտութիւնը ճիշդ հակառակն է:
7) Ալիեւ յայտարարեց, որ Ատրպէյճան «դատական ..գործընթացներ սկսած է (օտարերկրեայ ընկերութիւններու) դէմ՝ նախապէս գրաւուած հողերու մէջ մեր բնական պաշարներու անօրինական շահագործման համար»: Յուսանք, որ այս ընկերութիւնները կը հակազդեն՝ հայցեր ներկայացնելով Ատրպէյճանի դէմ՝ իրենց ունեցուածքը բռնագրաւած ըլլալուն համար:
8) Անուղղակիօրէն ընդունելով, որ Ատրպէյճան ոտնձգութիւն կատարած է Հայաստանի տարածքներու նկատմամբ, Ալիեւ կը յոխորտար, որ «երկիրը այնքան թուլցած է, որ նոյնիսկ չի կրնար ինքնուրոյն պաշտպանել իր սահմանները»:
9) Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ կողմէ բոլոր ռազմագերիները ազատ արձակելու մասին 9 Նոյեմբերին ստորագրուած համաձայնագրին հետեւելու փոխարէն, Ալիեւ պահանջեց, որ Հայաստան «մեզի տրամադրէ բոլոր ազատագրուած տարածքներու ականներուն ճշգրիտ քարտէզները»: 9 Նոյեմբերի համաձայնագրին մէջ նման պահանջի մասին որեւէ յիշատակութիւն չկայ:
10) Այս բոլոր սուտերն ու մնացեալները, որոնք չափազանց շատ են յիշատակելու համար, ըսելէ ետք, Ալիեւ դեռ համարձակութիւնը ունի յորդորելու Հայաստանը՝ ստորագրելու «խաղաղութեան պայմանագիր… միմեանց ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման հիման վրայ»: Այսպիսով, ան կը ձգտի Հայաստանի՝ Արցախէն լիակատար հրաժարման:
Վարչապետ Փաշինեան ՄԱԿ-ի մէջ ելոյթ ունեցաւ 24 Սեպտեմբերին։ Ան սկսաւ՝ յայտարարելով, որ «2020 թուականի աշնան, Լեռնային Ղարաբաղը ենթարկուեցաւ յարձակման… (որ) կ’ուղեկցուէր ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ միջազգային օրէնքի բազմաթիւ կոպիտ խախտումներով, որոնց շարքին՝ բնակչութիւնն ու կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառոյցները դիտաւորեալ թիրախաւորելով, ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու ոչ դատական մահապատիժներով, անոնց նկատմամբ իրականացուած խոշտանգումներով եւ բազմաթիւ այլ փաստագրուած յանցագործութիւններով։ Այս գործողութիւններու հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի այն հատուածներուն մէջ, որոնք ինկած են Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ, հայ ժողովուրդը ենթարկուած է ցեղային ամբողջական զտման»։
Փաշինեան շարունակեց ընդգծել Հայաստանի ժողովրդավարական վարկանիշը՝ ապարդիւն յուսալով, որ միջազգային հանրութիւնը տպաւորուած կ’ըլլայ եւ դրական քայլեր կ’առնէ երկիրը Ատրպէյճանի յարձակումներէն պաշտպանելու համար: Հայաստանի վարչապետը նաեւ խօսեցաւ իր երկրի՝ դրացիներուն հետ խաղաղութեան պատրաստ ըլլալուն մասին՝ կրկին յոյս ունենալով, որ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներ կ’աջակցին: Կարծես թէ ան չի գիտակցիր, որ աշխարհի համար կարեւորութիւն չունին նման նրբութիւններ: Միակ բանը, որ աշխարհ կը յարգէ՝ ուժն է:
Այնուհետեւ Փաշինեան դատապարտեց Ատրպէյճանը՝ Պաքուի մէջ հայ ռազմագերիներ պատանդ պահելուն համար եւ խօսեցաւ ատրպէյճանական տեսանիւթերու մասին, որոնք ցոյց կու տան «այս զինուորներու գլխատուած կամ գնդակահարուած մարմինները»։
Փաշինեան նաեւ նշեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ «փոխադրութեան կապերու վերաբացման» մասին: Ան միամտօրէն աւելցուց, որ «եթէ բացուի նաեւ Թուրքիան Հայաստանին կապող երկաթուղին, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման թեման շատ աւելի մեծ շրջանակներ կ’ունենայ»:
Վարչապետը անգամ մը եւս առաջարկեց՝ «վերսկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացը՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ»: Ցաւօք, այս գործընթացը փակուղի մտած է, քանի որ Ալիեւ կը պնդէ, որ լուծած է Արցախի հարցը ուժով եւ կարիք չունի այդ նիւթով մասնակցելու որեւէ յաւելեալ բանակցութեան:
Փաշինեան «ցաւով» նշեց, որ Ատրպէյճանի ուժերը հատեցին Հայաստանի սահմանները 12 Մայիս 2021-ին եւ մերժեցին հեռանալ: Ան առաջարկեց, որ երկու երկիրները ետ քաշուին «խորհրդային ժամանակներու սահմանէն» եւ հրաւիրեն «միջազգային դիտորդներ», սահմանին վրայ կանգնելու համար: Անհասկնալի է, թէ ինչո՞ւ Հայաստան պէտք է ետ քաշուի իր սեփական սահմաններէն…:
Դժբախտաբար, գեղեցիկ բառերը մեծ նշանակութիւն չունին գործնական քաղաքականութեան մէջ: Աշխարհ կը հաւատայ միայն ուժին: Մինչ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը խօսին ուժեղի դիրքերէ, Հայաստան ստիպուած է ենթարկուիլ աւելի հզօր ու դաժան իր թշնամիներու պարտադրանքին:
Յարութ Սասունեան